Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Էլարտ»-ի Փորձագէտ․ «Լիտիան»-ի Շրջակայ Միջավայրի Վրայ Ազդեցութեան Գնահատումը Թերի է եւ Թոյլ Չի Տար Կուռ Կերպով Գնահատել Ազդեցութիւնը

«Էլարտ»-ի Փորձագէտ․ «Լիտիան»-ի Շրջակայ Միջավայրի Վրայ Ազդեցութեան Գնահատումը Թերի է եւ Թոյլ Չի Տար Կուռ Կերպով Գնահատել Ազդեցութիւնը

by MassisPost

«Էլարտ»-ի միջազգային խումբը յայտարարած է, որ չի կրնար պատասխանել հարցին, թէ արդեօք անվտանգ է  Ամուլսարի հանքի շահագործումը, քանի որ «Լիտիան»-ի ուսումնասիրութիւններն ու շրջակայ միջավայրի վրայ ազդեցութեան գնահատումը (ՇՄԱԳ) թերի են, ոչ ամբողջական ու անվստահելի:

«Լիտիանի ՇՄԱԳ-ը թերի է եւ թոյլ չի տար կուռ կերպով գնահատել կամ քանակական գնահատական տալ ազդեցութեան մասին: Մեր յանձնարարութիւնն էր՝ գնահատել արժանահաւատութիւնն ու վստահելիութիւնը անոնց շրջակայ միջավայրի վրայ ազդեցութեան գնահատման: Պատասխանը հետեւեալն է՝ մենք չկարողացանք գնահատել՝ ելլելով բոլոր թերութիւններէն», – 2,5 ժամ տեւած տեսահաղորդակցութեան ընթացքին յայտարարած է «Էլարտ»-ի փորձագէտներէն ջրաերկրաբան Նիտալ Ռապահը:

Տեսահաղորդակցութիւնը տեղի ունեցած է կառավարութենէն ներս՝ «Էլարտ»-ի 8 փորձագէտներու, «Լիտիան»-ի ներկայացուցիչներու, Հայաստանի կառավարութեան պատասխանատու գերատեսչութիւններու ու խորհրդարանական «Իմ քայլը» եւ «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութիւններու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ։

Արձագանգելով վարչապետի ճշդման՝ Նիտալ Ռապահը նշած է․ – «Անոնց գնահատումը, անոնց ուսումնասիրութիւնը, անոնց հետաքննութիւնը․ ըլլայ ընկերային թէ բնապահպանական ազդեցութեան, վստահելի չեն»:

Եթէ գնահատումները թերի են, ինչպէ՞ս կը խօսին ռիսքերու կառավարման, մեղմման միջոցներու մասին, հետաքրքրուած են պատգամաւորները: Ռապահը պատասխանած է, թէ իրենց առաջարկները ընդհանուր են, որ կը կիրառուին տարբեր երկիրներու մէջ հանքարդիւնաբերութեան մէջ․ – «Ամէն տեղ նոյնն է: Պէտք է վերահսկել ջուրի հոսքը, պէտք է վերահսկել ստորերկրեայ ջուրերը, պէտք է ախտահարուած ջուրը նախքան միջավայր բաց թողելը մաքրել, զտել»:

Քննարկումէն պարզ դարձած է, որ Քննչական կոմիտէի յայտարարութիւնը, թէ հանքի շահագործման ռիսքերը կառավարելի են՝ «Էլարտ»-ի առաջարկած 16 մեղմման միջոցները կիրառելու պարագային, եւ որ այդ 16-էն 10-ը «Լիտիան»-ն արդէն իսկ ծրագրած է, խնդրայարոյց է:

«Ինչպէ՞ս կարող էդպէս պատահել, որ նոյն փաստաթղթի մէջ «Էլարտ»-ը չտեսնէր, իսկ Քննչական կոմիտէն տեսնէր: Խնդրում եմ նախ «Էլարտ»-ի ներկայացուցիչները պատասխանեն», – ըսած է վարչապետ Փաշինեանը:

«Էլարտ»-ի փորձագէտներու պատասխանը․ – «Մենք կ’ըսենք, որ իրենց առաջարկուած մաքրման նախագիծն ու միջոցառումները անբաւարար են տուեալ փուլին»:

Քննչական կոմիտէի նախագահը պարզաբանած է, որ իրենք քրէական գործի շրջագիծէն ներս քննած են թէ՛ «Էլարտ»-ի ու թէ՛ «Լիտիան»-ի փորձաքննութիւնները, վերլուծած ու եզրակացուցած: «Լիտիան»-ը ռիսքերու մեղմման 10 առաջարկն ունի։

«Էլարտ»-ին առարկութիւն ներկայացուցած է նաեւ «Լիտիան»-ի փոխնախագահ Արմէն Ստեփանեանը: Ան պնդած է, որ ուսումնասիրութիւնները, շրջակայ միջավայրի վրայ ազդեցութեան գնահատումը ամբողջական են:

Նիտալ Ռապահը հակադարձած է․ – «Ձեր ուսումնասիրութիւնները ձախողած են, մեր բոլոր հարցերուն յստակ պատասխաններ չէք տուած, դարձած էք հարցի շուրջն ու ոչինչ ըսած էք: Շարք մը գործողութիւններ ընդհանրապէս չեն ուսումնասիրուած կամ ներառուած անոր ընդգրկման մէջ: Դուք հորերը փորած էք միայն բաց հանքի տարածքին, յարակից տարածքները չեն ուսումնասիրուած: Ձեր խումբի պատասխանը այն էր, որ՝ աղբիւրները այնքան շատ են, որ մենք չենք կրնար բոլորը ուսումնասիրել: Մենք ձեզմէ չենք խնդրեր բոլոր աղբիւրները ուսումնասիրել»:

Նիկոլ Փաշինեանը հնչեցուցած է յաջորդ հարցը․ եթէ կառավարութեան հրաւիրած փորձագէտները կը խօսին շրջակայ միջավայրի վրայ ազդեցութեան գնահատման մէջ բազմաթիւ թերութիւններու մասին, իսկ այդ փաստաթուղթը 2016-ին դրական եզրակացութիւն ստացած է Բնապահպանութեան նախարարութենէն, ինչպէ՞ս կ’ըլլայ, որ Քննչական կոմիտէն եզրակացնէ, թէ հանքի շահագործման ռիսքերը թաքցնող պաշտօնեայ չկայ:

Տեսահաղորդակցութիւնը եզրափակուած է որոշմամբ՝ սպասել Շրջակայ միջավայրի նախարարութեան արձագանգին, թէ արդեօք նոր գնահատման կարիք կայ: Պատասխանը մինչեւ Սեպտեմբեր 4-ը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment