Home ՍՓԻՒՌՔ Թուրքիոյ Նախագահը Կարճ Զրոյց Ունեցած է Հայ Համայնքի Ներկայացուցիչներու Հետ

Թուրքիոյ Նախագահը Կարճ Զրոյց Ունեցած է Հայ Համայնքի Ներկայացուցիչներու Հետ

by MassisPost

Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի տեղապահ Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեանը եւ Սուրբ Փրկիչ հայկական հիւանդանոցի հիմնադրամի հոգաբարձուներու նախագահ Պետրոս Շիրինօղլուն մասնակցած են Թուրքիոյ յաղթանակի տօնի առիթով մայրաքաղաք Անգարայի մէջ՝ նախագահական նստավայրին մէջ կազմակերպուած ընդունելութեան:

«Ակօս» պարբերականի հաղորդմամբ, հայ համայնքի ներկայացուցիչները կարճ զրոյց ունեցած են նախագահ Ռեճէպ Էրտողանի հետ: Նախագահը հետաքրքրուած է, թէ ինչպէս կ’ընթանայ նոր պատրիարքի ընտրութեան նախապատրաստական գործընթացը: Մաշալեանն ու Շիրինօղլուն տեղեկացուցած են, որ կը սպասեն ընտրութեան կայացման համար համապատասխան կանոնադրութեան: Էրտողանի պահանջով ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլուն յայտնած է, թէ մէկ շաբթուայ ընթացքին փաստաթուղթը պիտի ուղարկուի պատրիարքարան: Արքեպիսկոպոս Մաշալեանը ընդհանուր առմամբ դրական գնահատած է այս հանդիպումը:

Յուլիս 4-ին, Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանէն ներս գումարուած Եկեղեցական համագումարին պատրիարքական տեղապահ ընտրուած է Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեանը, ինչէն ետք պաշտօնապէս մեկնարկած է Պոլսոյ աթոռի 85-րդ գահակալի ընտրութեան գործընթացը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment