Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ամուլսարի Փակումը Լաւագոյն Տարբերակ

Ամուլսարի Փակումը Լաւագոյն Տարբերակ

by MassisPost

Հայաստանի նախկին վարչակարգը իր ետին ձգեց բաւական ծանր ժառանգ մը, որ հսկայ գլխացաւանք դարձած է Փաշինեանի կառավարութեան: Յիշելու համար մի քանին` անուղղելի դատական համակարգ, «Իսթանպուլի Պայմանագիր», Ամուլսարի ոսկի հանք եւ այլ մեծ ու փոքր հարցեր, որոնց յաղթահարումը նոր իշխանութիւններէն կը խլեն ժամանակ ու ներուժ, առանց կարենալ գոհացնելու ժողովուրդի այս կամ այն հատուածը:

Այս օրերուն, օրակարգի ամենէն հրատապ հարցը կը հանդիսանայ Ամուլսարի ոսկիի հանքի շահագործումը արտօնել-չարտօնելու պարագան: 2016 թուականին Ամերիկեան ու Բրիտանական «Լիտիան Արմենիա» ընկերութեան տրուած էր իրաւունք, ոսկիի հանք շահագործելու Ամուլսարի շրջանին մէջ, որ շատ մօտ է Ջերմուկ քաղաքին, Արփա եւ Որոտան գետերուն ու նաեւ Սեւանայ լիճին: Յեղափոխութենէն ետք բնապահպան կազմակերպութիւնները սկսան պահանջել, որպէսզի դադրի Ամուլսարի շահագործումը, առարկելով թէ հանքի արտադրած թունաւոր նիւթերը պիտի վտանգեն ջրային այդ կարեւոր պաշարներուն՝ յառաջիկայ տասնամեակներուն: Փակելով դէպի Ամուլսար տանող ճանապարհները, բնապահպանները յաջողեցան դադրեցնել հանքի շահագործումը, իսկ կառավարութիւնը չփորձեց միջամտել այդ գործընթացին, յայտարարելով թէ վերջնական որոշում պիտի կայացնէ միջազգային փորձաքննութիւն իրականացնէ ետք միայն:

Մօտ 400 հազար տոլար յատկացում կատարուեցաւ Լիբանանեան «Էլրատ» ընկերութեան, որպէսզի ուսումնասիրէ հանքի ազդեցութիւնը միջավայրի վրայ: Ամիսներու աշխատանքէ ետք, այս շաբաթ հրապարակուեցաւ «Էլրատ» ընկերութեան եզրակացութիւնը, որու համաձայն հանքի շահագործումով յառաջանալիք վտանգները նուազագոյնն են ու կառավարելի:

Վարչապետ Փաշինեան հիմք ընդունելով այս եզրակացութիւնը կը փորձէ համոզել հանրութեան, որ պէտք է արտօնել «Լիտիան Արմենիային», որպէսզի վերսկսի իր աշխատանքներուն, խոստանալով որ կառավարութիւնը մօտէն պիտի հետեւի հանքի գործունէութեան եւ անմիջապէս որ նոր իրողութիւններ ի յայտ գան, թէ ջրային պաշարները թունաւորումի կ՛ենթարկուին, հանքի փակումը պիտի ըլլայ անխուսափելի:

Վարչապետի տուած բացատրութիւնները բնականաբար չէին կրնար բաւարարել բոլորի: Վերջին օրերուն տեղի կ՛ունենան բողոքի ցոյցեր ու հակասական կարծիքներ կը հնչեն, ոչ միայն հասարակութեան մօտ, այլ նաեւ Փաշինեանի գլխաւորած «Իմ Քայլը» դաշինքէն ներս:

Թէեւ վարչապետը իր խօսքին մէջ չծանրացաւ հարցի մէկ այլ երեսին վրայ, սակայն «Լիտիան Արմենիա» ընկերութիւնը բազմաթիւ առիթներով սպառնացած է դիմել դատարան, տասնեակ միլիոն տոլարներու վնասուց հատուցում պահանջելու համար:

«Մասիսի» այս սիւնակով մենք մի քան անգամ անդրադարձած ենք Ամուլսարի հարցին: Վերջին անգամ երբ գրեցինք, որ «Հայաստանի կառավարութիւնը պէտք չէ ենթարկուի «Լիտիան Արմենիայի» սպառնալիքներուն», մենք եւս սպառնալիք ստացանք ընկերութեան ներկայացուցիչէն, որ եթէ այդ գրութիւնը 24 ժամուայ ընթացքին չհանենք մեր կայքէջէն, պիտի դիմեն Ամերիկեան դատարան՝ ընկերութեան վարկին վնասելու մեղադրանքով: «Մասիս» բնականաբար մերժեց «Լիտիան Արմենիայի» պահանջը, փոխարէնը առաջարկելով որ, իրենց տեսակէտը մեզի փոխանցեն գրութեամբ մը ու մենք պատրաստ ենք զայն հրատարակելու: Այդպէս ալ եղաւ:

Ինչպէս անցեալին, ներկայիս եւս մեր կարծիքը այն է թէ, Ամուլսարի հանքը չի կրնար հարիւր տոկոսով ապահով ըլլալ, ոչ ներկայիս եւ յատկապէս ապագային, երբ հանքի շահագործումը հասնի իր աւարտին ու «Լիտիան Արմենիան» զայն փակելով հեռանայ Հայաստանէն:

Փաշինեանի կառավարութիւնը հաւանաբար կարողանայ հսկողութիւն հաստատել հանքի գործունէութեան վրայ, սակայն հարցական է թէ, յաջորդ կառավարութիւնները որքանո±վ հետամուտ պիտի ըլլան նոյնը ընելու:
Հասկնալով հանդերձ հարցի բարդութիւնըª Ամուլսարի հանքի փակումը կը մնայ լաւագոյն տարբերակ:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment