Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «WCIT 2019»-ի Հիւրերու Համար Ապահովուած են Երեւանեան Հիմնական Հիւրանոցներու 1500 Համար

«WCIT 2019»-ի Հիւրերու Համար Ապահովուած են Երեւանեան Հիմնական Հիւրանոցներու 1500 Համար

by MassisPost

Տեղեկատուական Արհեստագիտութիւններու (ՏՏ)  23-րդ համաշխարհային համաժողովի օրերուն մասնակիցներու յարմարաւէտ կեցութիւնը ապահովելու նպատակով ապահովուած են Երեւանի եւ յարակից բնակավայրերու հիմնական հիւրանոցները։ Ընդհանուր առմամբ ապահուած  է 50 հիւրանոցի տարբեր դասի շուրջ 1500 համար։ «WCIT 2019» Տեղեկատուական Արհեստագիտութիւններու (ՏՏ)  համաշխարհային համաժողովը՝ Տեղեկատւութեան եւ հաղորդակցման նոր արհեստագիտութիւնները (ՏՀՏ) աշխարհի խոշորագոյն ու հեղինակաւոր միջոցառումներէն մէկը, այս տարի տեղի պիտի ունենայ Երեւանի մէջ, Հոկտեմբեր 6-9-ին։ Համաժողովի այցելուները կրնան հիւրանոցի ամրագրումը իրականացնել միջոցառման պաշտօնական կայքի միջոցով:

Համաժողովը պիտի հիւրընկալէ ՏՏ աշխարհի առաջատարներ ու նորարարներ, միջազգային քաղաքականութեան առաջնորդներ, կառավարութիւններ ու ընկերութիւններ, սկսնակ ձեռնարկութիւններու ղեկավարներ, խոշոր ներդրողներ: «WCIT 2019» -ի ընթացքին հանգամանօրէն պիտի քննարկուի, թէ ինչպէս տեղեկատուական եւ հաղորդակցութեան արհեստագիտութիւնները թէ՛ դրական, թէ՛ բացասական առումներով կը վերափոխեն մեր կեանքը, ինչ ազդեցութիւն կ’ունենան շահոյթի եւ բարեկեցութեան, ապահովութեան եւ անվտանգութեան, ժողովրդավարութեան եւ մարդասիրութեան վրայ։

Հայաստանը պիտի հիւրընկալէ աւելի քան 2000 մասնակից՝ շուրջ 70 երկրէ. անոնք քննարկումներ պիտի ունենան «Ապակեդրոնացման ուժը․ ակնկալիք եւ վտանգ», «Մեքենաները կը յառնեն», «Սեւ Կարապ», «Պլոքչեյնի նորարարութիւնը կը խաչաձեւուի քափիթալի հետ», «Արհեստական բանականութիւնը կենոմիքայի մէջ», «Որքան կանաչ է Սիլիքոնային հովիտը», խելացի քաղաքներ եւ սթարթափներ թեմաներով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment