Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Կարօ Փայլան Եւ Էպրու Կիւնայ Այցելեցին Պուէնոս Այրէսի ՍԴՀԿ Կեդրոն

Կարօ Փայլան Եւ Էպրու Կիւնայ Այցելեցին Պուէնոս Այրէսի ՍԴՀԿ Կեդրոն

by MassisPost

Հարաւային Ամերիկայի տարբեր երկիրներ  այցելող Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամներ՝ Էպրու Կիւնայ եւ Կարօ Փայլանը կը շարունակեն  հանդիպումներ ունենալ  տեղական ու Հայկական քաղաքական կազմակերպութիւններուն հետ:

Պուէնոս Այրէսի մէջ հիւրերը այցելեցին ՍԴՀԿ «Շարժում» Մշակութային Միութեան Կեդրոնը, ուր ընդունուեցան Կուսակցութեան եւ «Շարժում» միութեան ղեկավարութեան կողմէ:

Բարի գալուստի խօսքով  հանդէս եկաւ  ՍԴՀԿ Վարիչ Մարմինի ատենապետ Ընկեր Գարլոս Դարբինեան՝ բարձր գնահատելով երկու երիտասարդ գործիչներու  մղած  պայքարը՝ յանուն Թուրքիոյ մէջ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան:

«Շարժում» միութեան ատենապետ ընկեր Սերխիօ Չապրազեան իր հերթին կարեւոր նկատեց  այս այցելութիւնը, հասկանալու համար թէ, իրապէս ինչ իրավիճակ կը տիրէ այսօր հակաժողովրդավարական թուրքիոյ մէջ:

sharjum-4

Կարօ Փայլեան շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար  շեշտեց, որ ինչպէս անցեալին Հնչակեան գործիչ Փարամազն ու իր ընկերները  կը  քարոզէին  տարբեր ժողովուրդներու  միջեւ համերաշխութիւն ու խաղաղութիւնը, այնպէս ալ այսօր նոյնը կ՛ընէ Ժողովուրդներու Դեմոկրատական (HDP) ընդդիմադիր կուսակցութիւնը:

«Միայն ժողովրդավարական Թուրքիան պիտի ընդունի հայոց ցեղասպանութիւնը:  Այսօր  Էրտողանը չի բացառեր նոր  ցեղասպանութիւն մը  իրագործել, այս անգամ Քուրտերու դէմ»,- ըսաւ Փայլան:

Այս առթիւ երկու գործիչներուն նուիրուեցան Ընկ. Տանդէ Ասիլեանի հեղինակած՝ ՍԴՀԿ-ի պատմութիւնը Սպաներէն  լեզուով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment