Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Լիբանանի Ս.Դ.Հ.Կ. Տխրունի Ուսանողական Երիտասարդական Միութիւնը Կ’այցելէ Արցախ Եւ Հայաստան

Լիբանանի Ս.Դ.Հ.Կ. Տխրունի Ուսանողական Երիտասարդական Միութիւնը Կ’այցելէ Արցախ Եւ Հայաստան

by MassisPost

Ս.Դ.Հ.Կ. Տխրունի Ուս. Երիտ. Միութիւնը կազմակերպած է ուխտագնացութիւն մը դէպի հերոսական Արցախ եւ Մայր Հայրենիք: Արդարեւ, Ուրբաթ, 16 Օգոստոսին շուրջ 40 երիտասարդ-երիտասարդուհիներ  մեկնած են Հայաստան:

Առաջին հերթին, անոնք առիթը պիտի ունենան այցելելու Արցախի Հանրապետութիւն, վայելելու անոր գեղեցիկ բնութիւնն ու տեսարժան ու պատմական վայրերը: Հանդիպումներ պիտի ունենան նաեւ պաշտօնական անձնաւորութիւններու հետ:

Ապա, պիտի շարունակեն իրենց շրջապտոյտը Հայաստանի մէջ, մասնակցելով կազմակերպուած յատուկ ճոխ յայտագրին, հայրենիքի զանազան մարզերու եւ պատմական վայրերու ծանօթացումով, ընկերային հաւաքներով եւ այլ բազմապիսի ծրագիրներով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment