Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Փաստաբաններ․ Քոչարեանը Կալանաւորուած է Անժամկէտ

Փաստաբաններ․ Քոչարեանը Կալանաւորուած է Անժամկէտ

by MassisPost

Մարտ 1-ի գործով սահմանադրական կարգի տապալման մէջ մեղադրուող Ռոպերթ Քոչարեանի փաստաբանները կը կարծեն` նախկին նախագահի գործի քննութիւնը արհեստական կը ձգձգուի, անոր հնարաւորինս երկար կալանքի տակ պահելու նպատակով: Այդ մասին անոնք յայտարարած են հրաւիրուած ասուլիսի ժամանակ:

Ըստ Արամ Օրբելեանի, փաստացի Քոչարեանը կալանաւորուած է անժամկէտ՝ իր կալանքի մասին որոշումը բողոքարկելու հնարաւորութիւն չունենալով:

«Համարեայ երկու ամիս ժամանակ է կամ մէկուկէս ամիս ժամանակ է, ինչ որեւէ զարգացում, որեւէ գործընթաց տեղի չի ունենում, ինչը ակնյայտօրէն մարդու իրաւունքներու՝ ե՛ւ Սահմանադրութեամբ, ե՛ւ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական պայմանադրութեամբ, ե՛ւ ՄԱԿ-ի Քաղաքական եւ քաղաքացիական իրաւունքներու հանրային դաշնագրով նախատեսուած իրաւունքներու կոպիտ խախտում է։ Այսինքն՝ անձը չի կրնար գտնուիլ անազատութեան մէջ անորոշ ժամկէտով, առանց որեւէ դատական վերահսկողութեան հնարաւորութեան», – ըսած է Օրբելեանը։

Փաստաբանի խօսքով՝ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի (ՄԻԵԴ) 7 դիմումներուն ի լրումն իրենք կը քննարկեն ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու կոմիտէ դիմելու հնարաւորութիւնը եւ յետագայ ներպետական քայլերը:

Յովհաննէս Խուդոյեանը շեշտած է, որ Ռոպերթ Քոչարեանի պաշտպանութիւնը կը պահանջէ իր պաշտպանեալի իրաւունքներու կատարում եւ հրապարակային դատավարութեան շարունակում:

«Մենք պնդում ենք հրապարակային դատավարութիւն անցկացնել՝ անկախ դատաւորի առկայութիւնից եւ դատախազութեան մասնակցութիւնից», – ըսած է Խուդոյեանը, բայց չէ պարզաբանած, թէ ճիշդ ինչպէս այդ պիտի ընեն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment