Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Պոլիս Պիտի Չմասնակցի Համահայկական Խաղերուն

Պոլիս Պիտի Չմասնակցի Համահայկական Խաղերուն

by MassisPost

Համահայկական խաղերու Պոլսոյ կարգադիր յանձնախումբի մամուլի ասուլիսին ժամանակ՝ յանձնախումբի ատենապետ Հայկարամ Քարասուն յայտարարած է, որ Պոլսոյ մարզիկներու խումբը պիտի չմասնակցի Արցախի մէջ կայանալիք Համահայկական խաղերուն: Այս մասին կը տեղեկացնէ Պոլսոյ հայկական «Ժամանակ» օրաթերթը:

Հայկարամ Քարասուն յայտնած է, որ չմասնակցելու գլխաւոր պատճառը խաղերուն Արցախի մէջ իրականացուելու հանգամանքն է, որ բարդ իրավիճակի մէջ դրած է պոլսահայ մարզիկներուն խումբը: Լաւատեղեակ ըլլալով տարածաշրջանային հարցերու մէջ՝ յատկապէս Արցախի խնդրի շուրջ Թուրքիոյ դիրքորոշման՝ յանձնախումբը չէ ցանկացած խնդիրներ ստեղծել մարզիկներուն համար: Իսկ մինչ այդ անոնք առանց խոչընդոտի մասնակցութիւն ունեցած են Հայաստանի մէջ իրականացուած համահայկական ծրագրերուն:

Քարասուն նաեւ նշած է, որ եթէ իրենց խումբը մասնակցէր խաղերուն՝ մարզիկները հայ համայնքը պիտի ներկայացնէին ինը մարզաձեւերու մէջ:

Հայաստանի Հանրապետութիւն-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան խորհուրդով Համահայկական 7-րդ ամառային խաղերը պիտի ընթանան Օգոստոս 5-17- ը: Բացման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Օգոստոսի 6- ին՝ Ստեփանակերտի գլխաւոր մարզադաշտին մէջ, փակումը պիտի կայանայ Օգոստոս 17- ին՝ Երեւանի Ազատութեան հրապարակին մէջ: Խաղերու կարգախօսն է՝ «Միասնութիւն՝ սփորթով»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment