Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Նիկոլ Փաշինեանը Ելոյթ Պիտի Ունենայ Ստեփանակերտի Վերածնունդի Հրապարակին Վրայ Կազմակերպուելիք Հանրահաւաքին

Նիկոլ Փաշինեանը Ելոյթ Պիտի Ունենայ Ստեփանակերտի Վերածնունդի Հրապարակին Վրայ Կազմակերպուելիք Հանրահաւաքին

by MassisPost

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ֆէյսպուքեան ուղիղ հեռարձակմամբ յայտարարած է, որ Երկուշաբթի երեկոյեան ելոյթ պիտի ունենայ Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին մէջ:

«Օգոստոսի 6-ին Ստեփանակերտում տեղի է ունենալու շատ կարեւոր մի իրադարձութիւն՝ Համահայկական խաղերի բացումը, եւ այդ առիթով Ստեփանակերտում հաւաքուելու են հայութեան բոլոր մասերի ներկայացուցիչները, բոլոր հատուածների ներկայացուցիչները: Եւ ես կարծում եմ, որ սա շատ լաւ առիթ է՝ մի փոքր ընդլայնելու օրուայ օրակարգը եւ խօսելու մեր համազգային մարտահրաւէրների մասին, մեր համազգային միասնութեան այս բացառիկ ժամի եւ նրա ստեղծած հնարաւորութիւնների մասին եւ այդ հնարաւորութիւնները ճշգրիտ եւ արդիւնաւէտ օգտագործելու մասին: Եւ ահա այս կապակցութեամբ մտադիր եմ Օգոստոսի 5-ին ժամը 19:00-ին ելոյթ ունենալ Ստեփանակերտի Վերածննդի հրապարակում եւ սիրով հրաւիրում եմ բոլորիդ՝ ներկայ գտնուելու այդ օրը, որովհետեւ կարծում եմ, որ տեղի է ունենալու իսկապէս շատ կարեւոր խօսակցութիւն», – յայտարարած է վարչապետը:

Փաշինեանը Ստեփանակերտ պիտի մեկնի՝ մասնակցելու համար Համահայկական խաղերու բացման:

Հանրահաւաքին ելոյթ պիտի ունենայ նաեւ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանը, «Ազատութեան» տեղեկացուցած է ԼՂ-ի նախագահի խօսնակ Դաւիթ Բաբայեանը. – «Այս միջոցառումը նախօրօք ծրագրուած է եղել երկու հայկական պետութիւնների ղեկավարների պայմանաւորուածութեան շնորհիւ»:

Պաշտօնական Երեւանի ու Ստեփանակերտի միջեւ եղած որոշակի խնդիրներու մասին քանի մը օր առաջ խօսած էր Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը։ Չմանրամասնելով, թէ յատկապէս ինչի մասին է խօսքը՝ Գրիգորեանը պնդած էր, թէ խնդիրները այլեւս անցեալին կը պատկանին։

Արդեօք նոյն հարթակին կանգնելու նպատակը ցոյց տա՞լն է, որ Հայաստանի ու Ղարաբաղի իշխանութիւններու յարաբերութիւններուն մէջ խնդիրներ չկան: Պաշտօնական Ստեփանակերտի ներկայացուցիչը չէ հերքած, որ տարաձայնութիւններ եղած են, բայց Բաբայեանն ալ չէ մանրամասնած՝ ինչ հարցերու շուրջ: – «Նորից փորփրելը ճիշդ չէ», – կարծիք յայտնած է ան, – «Կարող է ինչ-որ խնդիրներ եղած լինեն, ինչը բնական է, բայց բոլորն էլ պարտաւոր են պահպանել այդ միասնականութիւնը՝ անկախ ամէն ինչից, ե՛ւ պաշտօնական Երեւանը, ե՛ւ պաշտօնական Ստեփանակերտը: Որովհետեւ սա քմահաճոյք չէ, սա անձնական խնդիրներ չեն, սա պետութեան, ազգի առջեւ կայացած կարեւոր հրամայականներից մէկն է, կարեւորագոյն՝ պահպանել միասնականութիւնը: Մենք թշնամիներ չենք կարող լինել: Եթէ հայութեան տարբեր հատուածները թշնամանան մէկը միւսի հետ, մեր պետութիւնը կործանուելու է, այս անգամ՝ երեւի ընդմիշտ, իսկ դա թոյլ տալ անթոյլատրելի է: Այս պահի դրութեամբ, նորից որպէսզի շահարկումների չենթարկենք, որեւէ խնդիր չկայ, չի կարող լինել երկու հայկական պետութիւնների միջեւ, չի՛ կարող լինել: Հետեւաբար, ամէն ինչ նորմալ է, խնդիր չկայ, եւ նորից փորփրել, խօսել՝ ճիշդ չէ»:

Ընդդիմադիր «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արման Բաբաջանեանը կ’ողջունէ Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ համազգային միասնութեան օրակարգով հաւաք կայացնելու Փաշինեանի նախաձեռնութիւնը։ Կը կարծէ՝ սա երկրորդ կարեւոր ձեռնարկն է՝ Մարտին Ստեփականերտի մէջ Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան խորհուրդներու համատեղ նիստէն ետք:

«Երեւանը շարունակում է հաւատարիմ մնալ Արցախի անվտանգութեան եւ կայունութեան երաշխաւոր լինելու իր սուրբ եւ առաջնային պարտականութեան վրայ եւ ես կարծում եմ, որ ելոյթի հիմնական շեշտադրումն ու բովանդակութիւնը պիտի լինի հենց սա: Իսկապէս լաւ հնարաւորութիւն է վեր կանգնել այդ բոլոր՝ շատ փոքր հարցերից, որովհետեւ ո՛չ Քոչարեանը, ո՛չ Հայաստանի իշխանութիւնը, ո՛չ Հանրապետականը չեն կարող աւելի կարեւոր օրակարգ լինել, քան Արցախն է եւ Արցախի հիմնահարցը: Եւ վարչապետի այս նախաձեռնութիւնը խօսում է այն մասին, որ կայ այդ գիտակցումը», – «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ նշած է Արման Բաբաջանեանը:

Ընդդիմադիր պատգամաւորի կարծիքով, վարչապետը իր յայտարարութեամբ կրնայ չէզոքացնել բոլոր անոնց ջանքերը, որոնք առիթը բաց չեն ձգեր Երեւանի ու Ստեփանակերտի միջեւ լարումը օգտագործելով՝ աւելի ու աւելի խորացնելու անջրպետը. – «Այստեղ շատ կարեւոր է, որպէսզի վարչապետը ձեռնպահ մնայ յեղափոխութիւնը արտահանելու, յեղափոխութիւնը Արցախ տեղափոխելու որեւէ օրակարգից, ինչպէս որ եղել է վերջին ժամանակահատուածում՝ Երեւանը մշտապէս խուսափել է այդպիսի հնարաւորութիւնից, թէեւ շատ ուժեր ամէն ինչ արել են, որպէսզի այդպիսի իրադարձութիւններ տեղ գտնեն: Եւ թէ՛ Ռոպերթ Քոչարեանը, թէ՛ նրան երկրորդող հանրապետականները, ովքեր ամէն վայրկեան սպասել են այդպիսի զարգացումներ եւ ամէն ինչ չեն խնայել, որպէսզի Արցախը դարձնեն հակայեղափոխական որջ, ես յոյս ունեմ, որ հենց այսպիսի միասնականութեամբ, Երեւանի եւ Ստեփանակերտի այսպիսի ձեռնարկումով վերջ կը դրուեն այդպիսի խօսակցութիւններին»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment