Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստան Կարեւոր Ակնկալիքներ Ունի Միացեալ Նահանգներէն. Արմէն Գրիգորեան

Հայաստան Կարեւոր Ակնկալիքներ Ունի Միացեալ Նահանգներէն. Արմէն Գրիգորեան

by MassisPost

Անվտանգութեան ոլորտին մէջ կատարուող բարեփոխումները, մասնաւորապէս՝ յանցագործութիւններու կանխարգելման ուղղութեամբ մշակուող քաղաքականութիւնը ներկայացուցած է Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արման Գրիգորեանը՝ ընդունելով Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպան Լին Թրէյսին։

Հայկական կողմի նախաձեռնութեամբ կայացած հանդիպման ժամանակ Գրիգորեանը նաեւ անդրադարձած է Արցախի մէջ ականազերծման ծրագիրներուն տրուող ԱՄՆ նիւթական աջակցութեան` նշելով այդ ծրագիրներու կարեւորութիւնը տեղի բնակչութեան համար։ Ան յատուկ ընդգծած է նաեւ Արցախին տրուող ամերիկեան մարդասիրական օժանդակութեան շարունակականութեան կարեւորութիւնը:

Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարի մամլոյ խօսնակի հաղորդագրութեան համաձայն՝ դեսպան Թրէյսին նշած է, որ տարածաշրջանային եւ համաշխարհային անվտանգութեան երաշխաւորումը երկկողմ յարաբերութիւններու առանցքային բաղադրիչներէն մէկն է, եւ ինք ուրախ է, որ Արմէն Գրիգորեանի հետ հնարաւորութիւն ունեցաւ անդրադառնալու երկու երկիրներու յետագայ համագործակցութեան այս ոլորտին մէջ:

Զրուցակիցները քննարկած են հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու օրակարգային շարք մը հարցեր, միտքեր փոխանակած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման եւ տարածաշրջանային նշանակութեան այլ թեմաներու շուրջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment