Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Արթուր Վանեցեան «Իջեւանի Մէջ Կազմակերպուած Բողոքի Ցոյցերը Հրահրուած Էին»

Արթուր Վանեցեան «Իջեւանի Մէջ Կազմակերպուած Բողոքի Ցոյցերը Հրահրուած Էին»

by MassisPost

Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) տնօրէն Արթուր Վանեցեանը կը շարունակէ պնդել, որ Իջեւանի մէջ կազմակերպուած բողոքի ցոյցերը չեն եղած ինքնաբուխ։ Այս մասին Օգոստոս 2–ին Սեւանի մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ յայտարարած է ԱԱԾ տնօրէն Արթուր Վանեցեանը։

Հարցին՝ արդեօք ԱԱԾ–ն կը շարունակէ այնտեղ գործողութիւններ իրականացնել, Վանեցեանը պատասխանած է.

«ԱԱԾ–ն շարունակում է մշտապէս գործունէութիւն ծաւալել ամենուրէք, ստանալ տեղեկատւութիւն Իջեւանից եւ այլ վայրերից եւ մենք կատարում ենք մեր գործառոյթները մշտապէս։ Շարունակում եմ պնդել, որ Իջեւանում կազմակերպուած բողոքի ցոյցերը չեն եղել ինքնաբուխ, այլ եղել է մի խումբ անձանց կողմից հրահրուած գործընթաց»,–ըսած է ան։

Յիշեցնենք, որ 2019 թուականի Յուլիս 17-ին իջեւանցիները  ապօրինի ծառահատումներու դէմ պայքարի խստացման հետ կապուած իրենց դժգոհութիւնները արտայայտելու  նպատակով փակած էին Հայաստան-Վրաստան միջպետական ճանապարհի Իջեւան քաղաքի Երեւանեան ու Իջեւանեան  փողոցներու հատման խաչմերուկի հատուածը, ինչի հետեւանքով բախումներ սկսած էր ոստիկաններու եւ ցուցարարներու միջեւ, մէկ տասնեակէ աւելի քաղաքացիներ հիւանդանոց տեղափոխուած էին, որոնց մեծ մասը ոստիկաններ։ Յուլիս 18–ին իջեւանցիները ի նշան բողոքի փակած էին Իջեւանէն Երեւան տանող ճանապարհը՝ փորձելով թոյլ չտալ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Արթուր Վանեցեանի եւ ոստիկանապետ Վալերի Օսիպեանին անցնիլ։

Դէպքի առթիւ յարուցուած է քրէական գործ։ Ձեռք բերուած բաւարար ապացոյցներու հիման վրայ՝ մեղադրանք առաջադրուած է 13 անձի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment