Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Մերժուած է Համբիկ Սասունեանի Դատական Նիստը Աւելի Վաղ Կայացնելու Դիմումը

Մերժուած է Համբիկ Սասունեանի Դատական Նիստը Աւելի Վաղ Կայացնելու Դիմումը

by MassisPost

Քալիֆորնիոյ Պայմանական ազատ արձակման խորհուրդը Յուլիս 25-ին մերժած է  Համբիկ Սասունեանի՝ պայմանական ազատ արձակման վերաբերեալ 2021-ին նախատեսուող դատական նիստը աւելի վաղ կայացնելու դիմումը։ Այս մասին կը գրէ «Էրմէնիհապեր»-ը ու կը յիշեցնէ, որ Համբիկ Սասունեանը եղած է «Հայկական Ցեղասպանութեան Արդարութեան մարտիկներ» գաղտնի կազմակերպութեան անդամ։

Աւելի վաղ, այս տարուան Մայիս 30-ին Քալիֆորնիոյ Պայմանական ազատ արձակման խորհուրդը նամակ յղած էր Թուրքիոյ իշխանութիւններուն՝ տեղեկացնելով, որ խորհուրդին դիմում ներկայացուած է Համբիկ Սասունեանի պայմանական ազատ արձակման վերաբերեալ դատական նիստը կայացնելու աւելի վաղ քան սահմանուած է։ Խորհուրդը պահանջած էր, որ թրքական կողմը այս հարցի վերաբերեալ յայտնէ իր դիրքորոշումը, ինչին ի պատասխան Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը Յունիս 27-ին հարցի վերաբերեալ իր առարկութիւնը յայտնած էր խորհուրդին։

2017-ին ալ   Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Ճերի Պրաունը խոչընդոտած էր 1982-ին Լոս Անճելըսի մէջ Թուրքիոյ հիւպատոսը գնդակահարած ու ցմահ ազատազրկման դատապարտուած Համբիկ Սասունեանին պայմանական ազատ արձակման:

Նահանգապետի կողմէ գործընթացը կանխելուն նպաստած էին թուրք-ամերիկեան միութիւններու բազմաթիւ կոչերը, ինչպէս նաեւ անձամբ ԱՄՆ-ի նախկին պետական քարտուղար Ռեքս Թիլլերսընին եւ ԱՄՆ-ի արդարադատութեան նախարարի Մարտ 28-ին Քալիֆորնիոյ նահանգապետարանին յղուած նամակները:

Համբիկ Սասունեան (ծնած է 1963-ին, Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ), եղած է «Հայկական Ցեղասպանութեան Արդարութեան մարտիկներ» գաղտնի կազմակերպութեան անդամ։ 1982-ի Յունուար 28-ի առաւօտեան 19-ամեայ Համբիկը Լոս Անճելըսի մէջ, Ուիլշիր Պուլվարի եւ Քոմսթոք փողոցի խաչմերուկին վրայ գնդակահարած է Թուրքիոյ հիւպատոս Քեմալ Արըքանը, երբ անոր մեքենան կանգնած էր կարմիր լոյսի տակ։ Ձերբակալութենէն ետք ԱՄՆ դատարանը անոր դատապարտած է ցմահ ազատազրկման, առանց բողոքարկման իրաւունքի։ Համբիկ Սասունեանը պատիժը կը կրէ Քալիֆորնիոյ Սեն Լուիս Օպիսփօ բանտին մէջ։ Երկու անգամ՝ 2006 եւ 2010 թուականներուն ԱՄՆ դատարանը մերժած էր Սասունեանի ներում ստանալու խնդրանքը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment