Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մարտ 1-ի Զոհերու Հարազատներուն եւ Տուժածներուն Աջակցութիւն Պիտի Ցուցաբերուի

Մարտ 1-ի Զոհերու Հարազատներուն եւ Տուժածներուն Աջակցութիւն Պիտի Ցուցաբերուի

by MassisPost

Փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեան հաստատած է «2008 թուականի Մարտ 1-2-ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններու ժամանակ տուժած անձանց աջակցութեան մասին» օրէնքի կիրարկումը ապահովող միջոցառումը, ըստ որու Արդարադատութեան նախարարութիւնը Օգոստոսի առաջին տասնօրեակին պէտք է ներկայացնէ իրաւական աքթ՝ տուժած անձանց աջակցութեան ձեւի, չափի մասին:

Յունիսին խորհրդարանը միաձայն ընդունած էր Ազգային ժողովի փոխնախագահներ Ալեն Սիմոնեանի ու Լենա Նազարեանի կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուած օրինագիծը, ըստ որու աջակցութիւն պիտի ստանան Մարտ 1-ի տասը զոհերու իրաւայաջորդները, իսկ միջին եւ ծանր վնասուածք ստացած քաղաքացիները աջակցութենէն օգտուելու համար պէտք է ներկայացնեն դատաբժշկական փորձագէտի եզրակացութիւն: Քննչական ծառայութեան տուեալներով, խօսքը 63 քաղաքացիի մասին է: Օրէնքը չի վերաբերիր թեթեւ մարմնական վնասուածք ստացած անձանց: Կը նախատեսուի աջակցութիւն տրամադրել նաեւ Մարտ 1-ին տուժած ոստիկաններուն՝ բացի անոնցմէ, որոնք քրէական հետապնդման ենթարկուած են եւ չեն արդարացուած:

Աջակցութեան չափն ու կարգը սահմանելը օրէնքը թողած էր Կառավարութեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment