Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ Մահացած է Հայութեան Մեծ Բարեկամ Ռոպէրթ Մորկենթաուը

Մահացած է Հայութեան Մեծ Բարեկամ Ռոպէրթ Մորկենթաուը

by MassisPost

Ամերիկայի մէջ իր մահկանացուն կնքած է ամերիկացի իրաւաբան, հայ ժողովրդի բարեկամ Ռոբերտ Մորկենթաուը` առաջին համաշխարհային պատերազմի տարիներուն Օսմանեան կայսրութեան ԱՄՆ դեսպան Հենրի Մորկենթաուի թոռնիկը: Իր նշանաւոր մեծ հօրմէն լսելով հայոց ցեղասպանության մասին` Ռոպէրթ Մորկենթաուը նոյնպես պայքարած է ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման համար:

«Իրենց ամբողջ պատմութեան ընթացքին հայերը մեծ խիզախութիւն ցուցաբերած են բռնագրաւողներու տիրապետութեան դէմ դնելով, ինչպէս` Զէյթունի, Վանի եւ անշուշտ Մուսա լերան մէջ: Նշեալներէն իւրաքանչիւրը կ’արտայայէ հպարտ ժողովուրդի մը վճռականութիւնը, որ հոգիով աննուաճելի էր, եւ պատրաստ չէր հրաժարելու իր հաւատքէն կամ ինքնութենէն: Սակայն ամէն անգամ օսմանցի ղեկավարները պատասխանած են ճնշող ուժով, ուժ, որ վերածուեցաւ համատարած ցեղասպանութեան», իր ելոյթներէն մէկուն ընթացքին ըսած էր Մորկընթաու կրտսերը:

Ան ունի բազմաթիւ գիրքեր, գիտական աշխատութիններ, իբրեւ նշանաւոր իրաւաբան նկարահանուած է ամերիկեան հեռուստատեսային ծրագիրներու մէջ:

Մորկենթաուը շուտով 100 տարեկան պիտի դառնար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment