Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Իջեւանի Բախումներու Գործով Բերման Ենթարկուած է 22 Անձ, 13-ը Ձերբակալուած են

Իջեւանի Բախումներու Գործով Բերման Ենթարկուած է 22 Անձ, 13-ը Ձերբակալուած են

by MassisPost

Չորեքշաբթի օր Իջեւանի մէջ տեղի ունեցած բախումներու առթիւ յարուցուած քրէական գործի շրջանակէն ներս բերման ենթարկուած է 22 անձ, 3 անձ ներկայացած է ինքնակամ: Ինչպէս «Ազատութեան» յայտնած է Քննչական կոմիտէի մամուլի քարտուղար Նաիրա Յարութիւնեանը, այդ 22 անձերէն 13-ը ձերբակալուած են, 7-ի նկատմամբ որպէս խափանման միջոց ընտրուած է ստորագրութիւնը չհեռանալու մասին, իսկ 4 անձ քրէական գործի շրջանակէն ներս ունին վկայի կարգավիճակ:

«Այս պահին ձեռնարկւում են անհրաժեշտ բոլոր քայլերը, հետախուզական միջոցառումները՝ 11 անձի յայտնաբերելու ուղղութեամբ», – «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ փոխանցած է Յարութիւնեանը:

Ըստ անոր՝ տուեալ պահին քրէական գործի շրջանակէն ներս մեղադրեալի դատավարական կարգավիճակ որեւէ անձ չունի, քրէական գործը յարուցուած է Քրէական օրէնսգիրքի 258-րդ յօդուածի 4-րդ մասով, 3-րդ մասի առաջին կէտով, 316-րդ յօդուածի երկրորդ մասի յատկանիշներով:

258-րդ յօդուածի 4-րդ մասով պատասխանատուութիւն սահմանուած է զէնքի կամ որպէս զէնք օգտագործուող առարկայի գործադրմամբ խուլիգանութիւն կատարելու, 316-րդ յօդուածով՝ ոստիկանի օրինական պահանջին չենթարկուելու եւ բռնութիւն գործադրելու համար, մանրամասնած է Քննչական կոմիտէի խօսնակը:

Յիշեցնենք , որ Իջեւանի մէջ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Արթուր Վանեցեանը յայտարարած էր, որ ցոյցը ոչ թէ ժողովուրդի ձայնն էր, այլ՝ քանի մը անձերու կողմէ կազմակերպուած սադրանք: «Ազատութեան» հարցին՝ քրէական գործի շրջանակէն ներս այս վարկածը կը քննուի՞, որո՞ւ մասին է խօսքը, Նաիրա Յարութիւնեանը արձագանգած է․ – «Ազգային անվտանգութեան տնօրէնը խօսեց ստացուած տուեալների մասին, եւ նշեմ, որ որեւէ դէպքում տուեալները չեն բացայայտւում, եւ տուեալների ստացման մասին, նրանց աղբիւրների վերաբերեալ տեղեկատւութիւնը համարւում է գաղտնիք: Հետեւաբար՝ ես այս պահին չեմ էլ կարող բացայայտել, չեմ էլ կարող մանրամասնել: Բայց ուզում ենք նշել, որ նախաքննական մարմինը, այո, նաեւ այդ ուղղութեամբ քննութիւն է կատարում»:

Յատուկ քննչական ծառայութեան մամլոյ խօսնակ Մարինա Օհանջանեանը «Ազատութեան» փոխանցած է, որ Դատախազութենէն ստացած են Տաւուշի մարզի երկու բնակիչի հաղորդումները Իջեւանի մէջ ոստիկաններու կողմէ առերեւոյթ ապօրինի գործողութիւններ կատարելու վերաբերեալ։ Այժմ ծառայութեան մօտ այդ հաղորդումներու վերաբերեալ նիւթեր կը նախապատրաստուին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment