ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփը յայտարարած է, որ այս պահին մտադիր չէ Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ կիրառել այն բանի համար, որ Թուրքիան գնած է ռուսական S-400 հրթիռային համակարգեր:
Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնբրես»–ը, յայտնած է գերմանական «Deutsche Welle» լրատուամիջոցը:
«Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ կիրառելու ուղղութեամբ չեմ մտածեր: Կը քննարկում ենք, իրավիճակը կը գնահատենք: Շատ դժուար իրավիճակ մը ստեղծուած է: Պէտք է տեսնենք՝ ինչպէս դուրս կու գանք այս վիճակէն»,- նշած է Թրամփը:
ԱՄՆ հանրապետական եւ դեմոկրատական կուսակցութիւններու ծերակուտականները կը շարունակեն նախագահ Տանըլտ Թրամփի վրայ ճնշում գործադրել Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ կիրառելու համար: Հանրապետական կուսակցութենէն ծերակուտական Ռիք Սքոթը եւ Թոտ Եանկը Սենա ներկայացուցած են պատժամիջոցներու նոր առաջարկ:
Առաջարկին մէջ նշուած է. «Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը երկրին մէջ հաստատած է մենատիրական ռեժիմ, ինչի հետեւանքով կ’ոտնահարուին մարդոց իրաւունքները: Ուստի, օրէնքներու շրջանակներէն ներս, Անգարայի դէմ պէտք է կիրառուին բոլոր անհրաժեշտ պատժամիջոցները»:
Իսկ դեմոկրատական կուսակցութենէն ծերակուտական Պոպ Մենենտէսը յայտնած է, որ միայն Ֆ-35 կործանիչներու ծրագիրէն Թուրքիան դուրս բերելը բաւարար պատժամիջոց մը չէ: