Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Նիկոլ Փաշինեանը Շնորհաւորած է Ուրսուլա ֆոն Տեր Լայէնը Եւրոպական Յանձնաժողովի Նախագահ Ընտրուելու Առթիւ

Նիկոլ Փաշինեանը Շնորհաւորած է Ուրսուլա ֆոն Տեր Լայէնը Եւրոպական Յանձնաժողովի Նախագահ Ընտրուելու Առթիւ

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը շնորհաւորած է Ուրսուլա ֆոն տեր Լայէնը Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահի պաշտօնին ընտրուելու կապակցութեամբ:

Վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցմամբ՝ ուղերձին մէջ մասնաւորապէս ըսուած է.

«Ջերմօրէն շնորհաւորում եմ Ձեզ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահի պաշտօնում ընտրուելու կապակցութեամբ: Համոզուած եմ, որ Ձեր պաշտօնավարումը՝ որպէս Եւրոպական յանձնաժողովի առաջին կին նախագահ, կը նշանաւորուի Եւրոպական միութեան նոր վերելքով:

Ուրախութեամբ ցանկանում եմ նշել, որ Հայաստանը Եւրոպական միութեան հետ այսօր ունի յարաբերութիւնների հարուստ եւ ընդգրկուն օրակարգ: Մենք յատկապէս կարեւորում ենք Համապարփակ եւ ընդլայնուած համագործակցութեան պայմանագրի իրականացումը, որը կը նպաստի ոչ միայն մեր կապերի յետագայ ամրապնդմանը, այլ նաեւ Հայաստանի կառավարութեան բարեփոխումների ընթացքին:

Հայաստանը եղել եւ մնալու է Եւրոպական միութեան յուսալի գործընկերը: Համոզուած եմ, որ մեր ընդհանուր արժէքները, ինչպէս նաեւ Հայաստանում տեղի ունեցած արմատական փոփոխութիւնները, որոնք յանգեցրեցին ժողովրդավարութեան եւ օրէնքի գերակայութեան յաղթանակին, վստահելի հիմք են հանդիսանում մեր յարաբերութիւնների յետագայ կատարելագործման եւ արդիւնաւէտ համագործակցութիւն զարգացնելու համար»:

Նիկոլ Փաշինեանը Ուրսուլա ֆոն տեր Լայէնին մաղթած է յաջողութիւն եւ արդիւնաւէտ գործունէութիւն Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահի պաշտօնին:

Գերմանիոյ պաշտպանութեան արդէն նախկին նախարար 60-ամեայ Ուրսուլա ֆոն տեր Լայէնը Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ ընտրուած է Եւրոպական խորհրդարանէն ներս կայացած քուէարկութեան արդիւնքներով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment