Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Խորհրդարանական Ուժերը Համաձայն Չեն Նոր Հարցման Արդիւնքներուն Հետ

Խորհրդարանական Ուժերը Համաձայն Չեն Նոր Հարցման Արդիւնքներուն Հետ

by MassisPost

Հայաստանի խորհրդարանէն ներս ներկայացուած կուսակցութիւնները համաձայն չեն քաղաքական ուժերու վարկանիշի վերաբերեալ Միջազգային հանրապետական ինստիտուտի (ՄՀԻ) հրապարակած հարցման արդիւնքներուն հետ:

Ըստ այդ հարցումներու, եթէ տեղի ունենայ խորհրդարանական ընտրութիւններ, ապա իշխանական «Իմ քայլի» օգտին պատրաստ է քուէարկելու հարցուածներու 59 տոկոսը, «Բարգաւաճ Հայաստանի» օգտին՝ 12 տոկոսը: 5 տոկոսով 3-րդ տեղը գրաւած է նախկին իշխող ուժը՝ Հանրապետականը: Խորհրդարանական 3-րդ ուժը՝ «Լուսաւոր Հայաստանը» դուրս մնացած է եռեակէն:

Մինչդեռ քաղաքական ուժերը այնքան ալ համաձայն չեն այս արդիւնքներուն հետ: Իշխող «Իմ քայլը» խմբակցութեան քարտուղար Յակոբ Սիմիտեանը վստահ է, որ իրենց վարկանիշը 69 տոկոսէն ալ բարձր է:

Յիշեցնենք, «Իմ քայլը» 2018-ի Դեկետմբերին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն ստացած էր ընտրողներու 70 տոկոսի քուէն, եւ փաստօրէն, ըստ այս հարցումներու, իշխող ուժի վարկանիշը 11 տոկոսով նուազած է:

«Էս թուերը ցոյց են տալիս, որ ընկերային ցանցերում ծաւալուած էդ արշաւը, որ անկում է ապրում իշխանութեան հեղինակութիւնը, վարչապետի վարկանիշը անկում է ապրում եւ այլն, էս ամէն ինչը իրականութեան հետ որեւէ աղերս չունի»:

Խորհրդարանական ամենամեծ ընդդիմադիր խմբակցութիւնը նոյնպէս համաձայն չեն հրապարակուած հարցումներուն հետ: Աւելին, խմբակցութեան պատգամաւոր, ԱԺ Մարդու իրաւունքներու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Նայիրա Զոհրապեանը կասկածի տակ կը դնէ հարցումներու արժանահաւատութիւնը՝ պնդելով, որ ԲՀԿ-ի վարկանիշը ոչ թէ 12 տոկոս է, այլ շատ աւելի բարձր է: Յիշեցնենք, ԲՀԿ-ն նախորդ ընտրութիւններուն ստացած էր ընտրողներու 8 տոկոսի քուէն, ուստի այս նոր հարցումներու համաձայն կուսակցութեան վարկանիշը աճած է:

Խորհրդարանական 3-րդ ուժը՝ «Լուսաւոր Հայաստանը», որ անցած տարի տեղի ունեցած ընտրութիւններուն ստացած էր 6 տոկոս ձայն, ըստ հարցումներու, այժմ կը ստանար 4 տոկոս, այսինքն 3-րդ ուժի վարկանիշը նուազած է։

Կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար Էտմոն Մարուքեանը թէեւ նշած է, որ հարցումները իսկական ընտրութիւններու արդիւնքներէն տարբեր են, սակայն կ’ընդունի, որ իրենց կուսակցութեան վարկանիշը ինկած է, եւ անոր պատաճառը «Լուսաւոր Հայաստանի» դէմ իրականացուող հակաքարոզչութիւնն է:

Անդրադառնալով 2023-ին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն՝ ընդդիմադիր խմբակցութեան ղեկավարը շեշտած է, թէ յաջորդ խորհրդարանին մէջ որեւէ ուժ մեծամասնութիւն կազմելու հնարաւորութիւն պիտի չունենայ, այդ շարքին նաեւ 70 տոկոս քուէով այսօր խորհրդարանին մէջ մեծամասնութիւն կազմող «Իմ քայլը»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment