Միջազգային Հանրապետական Հիմնարկի հրապարակած նոր հարցախոյզի համաձայն, Հայաստանի կառավարութիւնը կը շարունակէ վայելել բնակչութեան մեծամասնութեան վստահութիւնը:
Հարցումներու համաձայն, բնակչութեան մեծամասնութիւնը լաւատես է նաեւ երկրի ապագայի նկատմամբ, հակառակ ժողովուրդի մօտ շարունակուող տնտեսական մտահոգութիւններուն:
Հարցերուն պատասխանածներուն աւելի քան 60 տոկոսը ցանկութիւն յայտնած է, որ կառավարութիւնը տնտեսական եւ քաղաքական բարեփոխումները իրականացնէ ոչ թէ աստիճանաբար, այլ արագ կերպով: 72 տոկոսը վստահութիւն յայտնած է վարչապետի նկատմամբ, 60 տոկոսի կարծիքով՝ երկիրը կ’ընթանայ ճիշդ ուղիով:
«Հակառակ որ այս վերջին ցուցանիշը անկում ապրած է 12 կէտով, ի համեմատ անցած տարուան Հոկտեմբեր ամսուն, այնուամենայնիւ, այս ցուցանիշը կառավարութեան նկատմամբ վստահութեան արտայայտման նշանակալի արտայայտութիւն է: Վստահութեան այս բարձր մակարդակի մէկ այլ վկայութիւն է հարցուածներու աջակցութիւնը բարեփոխումներու իրականացման. անոնց 59 տոկոսը կը կարծէ, որ կառավարութիւնը բաւականաչափ ջանքեր կը գործադրէ փտախտի եւ կաշառակերութեան դէմ պայքարին: Հակառակ լաւատեսութեան այս դրսեւորումներուն, կան նաեւ շարք մը հանրային մտահոգութիւններ», – ըսուած է կեդրոնի հաղորդագրութեան մէջ:
Կառավարութեան ամենամեծ ձախողումներու վերաբերեալ հարցին պատասխանելով, հարցախոյզի մասնակիցները առաւել յաճախ նշած են վատ կառավարումը (22 տոկոս):
Հարցախոյզը կատարուած է 2019-ի Մայիսի 6-31 ժամանակաշրջանի եւ մասնակցած են Հայաստանի 18 տարեկան եւ բարձր, ընտրելու իրաւունք ունեցող 1200 մշտական բնակիչներ: