Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թուրք Զօրավարի մը Կարծիքով՝ Հայաստանը Կրնայ Օդային Հարուած Հասցնել Թուրքիոյ

Թուրք Զօրավարի մը Կարծիքով՝ Հայաստանը Կրնայ Օդային Հարուած Հասցնել Թուրքիոյ

by MassisPost

Թրքական «Milliyet» թերթի վերլուծաբան Թունճա Պէնէճինը ուշագրաւ յօդուած հրապարակած է՝ «Ռուսական S-400 ՀՕՊ համակարգերը, որ երկրներէն մեզ պիտի պաշտպանեն» վերտառութեամբ։

Պէնէճինը նախ նշած է, որ քանի մը օրէն Ռուսաստանը Թուրքիոյ պիտի մատակարարէ ՀՕՊ համակարգերը, որոնք պաշտօնական Անգարայի համար ունին ռազմավարական նշանակութիւն։

«Էրմէնիհապեր»-ի փոխանցմամբ, հեղինակը գրած է, որ այդ համակարգերու առանձնայատկութիւնը եւ կարեւորութիւնը պայմանաւորուած է անոնց մէջ գոյութիւն ունեցող գերզգայուն  ռատարներով։

Անդրադառնալով այն հարցին, թէ ռուսական ՀՕՊ համակարգերը Թուրքիան յատկապէս որ երկիրներէն պիտի պաշտպանեն՝ յօդուածի հեղինակը պարզաբանման նպատակով հարցազրոյց ըրած է թուրք պաշտօնաթող զօրավար Իսմայիլ Հաքքը Փեքինի հետ։

Վերջինս անդրադառնալով այդ հարցին նշած է.  «Թուրքիոյ վրայ հնարաւոր օդային յարձակումներ կրնան ըլլալ Յունաստանի, իսրայէլեան օդուժի կողմէ եւ պալիսթիք հրթիռներու միջոցով։ Կայ Իրանը, որ այս պահին մեզի համար թշնամի չէ, սակայն չենք գիտեր, թէ վաղը ինչ կըլլայ, մանաւանդ որ անոնք ունին պալիսթիք հրթիռներ 2000-2500 քմ հեռահարութեամբ։ Յարձակումներ կրնան ըլլալ նաեւ Հայաստանի կողմէ։ Թուրքիան չունի այդպիսի ՀՕՊ համակարգեր անոնց դիմակայելու համար»։

Անոր խօսքով՝ Թուրքիան ունի Stinger-տեսակի ամերիկեան շարժական զէնիթահրթիռային համակարգեր, որոնք ի զօրու են թիրախը ոչնչացնել միայն 7-8 քմ հեռաւորութեան վրայ։

«Կան ի հարկէ համակարգեր, որոնք կը պաշտպանեն ռազմա-ծովային ուժերը, բայց անոնք ալ բոլոր ռազմանաւերուն մէջ չեն տեղադրուած։ Այժմ կան ռազմական օդանաւեր, որոնք ի զորու են 150-200 քմ հեռահարութեամբ արկ արձակել։ Օրինակ, որոշ օդանաւեր կրնան առանց Իսրայէլի սահմանները հատելու կրակ բանալ Թուրքիոյ վրայ։ Միայն ռազմական օդանաւերով այդ յարձակումը չէզոքացնել հնարաւոր չէ»,-աւելցուցած է պաշտօնաթող բանակի զօրավարը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment