Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Մարդատար Փոխադրամիջոցները Պէտք է Տիզըլ Օգտագործեն, որ Նման Բռնկում Չըլլայ. Ֆելիքս Ցոլակեան

Մարդատար Փոխադրամիջոցները Պէտք է Տիզըլ Օգտագործեն, որ Նման Բռնկում Չըլլայ. Ֆելիքս Ցոլակեան

by MassisPost

Փրկարարները ժամանակին հասած են դէպքի վայր, ոչ մէկ վայրկեան ուշացում չէ եղած: Այս մասին լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ժամանակ ըսած է Արտակարգ իրավիճակներու նախարար Ֆելիքս Ցոլակեանը՝ անդրադառնալով Արարատի մէջ՝  Զոդի կամուրջի վրայ տեղի ունեցած ողբերգական վթարին:

Անոր խօսքով՝ կանչ ստանալէն ետք ընդամէնը 4-5 վայրկեան տեւած է դէպքի վայր հասնիլը. «Ցաւօք սրտի, չեն կարողացել մարել, հրդեհը շատ արագ է արել իր գործը»:

Ինչ կը վերաբերի վթարի պատճառին, Ֆելիքս Ցոլակեանը ըսած է՝  չի կրնար ըսել, թէ պատճառը ինչ եղած է, միայն կան վարկածներ. «Այսպիսի վարկած կայ, որ «Թոյոթա» մակնիշի մեքենան դիմացէն խփած է «Կազելին», որմէ ետք ետեւէն եկող «06-ը» միւս կողմէն հարուածած է, ինչի հետեւանքով ալ կազի արտահոսք եղած է եւ բռնկում տեղի ունեցել։ Շատ արագ է վառուել, նոյնիսկ փրկարարները չեն կարողացել մօտիկ կանգնել, 5-6 մեթրից են կատարել մարման աշխատանքները: 5 րոպէի ընթացքում կրակն իր գործն արել է, դժբախտութիւնն արդէն կատարուած է եղել»:

Հարցին, թէ 2014 թուականին Շիրակի մարզի Հոռոմ գիւղի մօտակայքի վթարէն ետք «Կազելներու» անվտանգութեան առումով ինչ հետեւութիւններ եղած են,  Ֆելիքս Ցոլակեանը ըսած է, որ հետեւութիւններ հիմա ալ պէտք է ըլլան: «Մի քանի անգամ ասել եմ, որ մարդատար բոլոր փոխադրամիջոցները պէտք է ապահովուած լինեն կրակմարիչներով, պէտք է զգուշութիւն ցուցաբերեն, բայց այստեղ, ինչքան հասկանում եմ, «Կազել»-ի վարորդը մեղք չի ունեցել»,- ընդգծած է ան:

Անոր խօսքով՝ մարդատար բոլոր փոխադրամիջոցները պէտք է ապահովուած ըլլան կրակմարիչներով, որոնք պէտք է օգտագործուին հրդեհի առաջին պահին:

«Թեխնիքական խնդիր է եղել, արտահոսքը կազի  ամբարանից է (պալոն)  եղել: Այստեղ խնդիր կայ նաեւ, թէ ինչ վառելիք  պէտք է օգտագործուի մարդատար փոխադրամիջոցների համար: Երեւի ճիշդ կը լինի ոչ թէ կազ, պենզին օգտագործել, այլ տիզըլ, որ այդպիսի բռնկում չլինի»,- ըսած է Ֆելիքս Ցոլակեանը:

Ան նաեւ չէ բացառած, որ օրէնսդրական նախաձեռնութեամբ հանդէս գան. «Պէտք է վարքագիծ մշակուի, որ հնարաւոր լինի խուսափիլ այդպիսի դժբախտ դէպքերից»:

Արտակարգ իրավիճակներու նախարար Ֆելիքս Ցոլակեանը նաեւ անդրադարձած է Վրաստանի մէջ տեղի ունեցած ողբերգական վթարին, նշելով, որ վթարի հետեւանքով ունինք երեք զոհ. վիրաւորներէն երկուքը ծանր վիճակի մէջ են՝ վարորդը եւ իր որդին: Ցոլակեանը նշած է, որ ինք Վրաստան եղած է եւ վիրաւորներուն այցելած են առողջապահութեան եւ Արտակարգ իրավիճակներու փոխնախարարները:

Անոր խօսքով, միւս երեք վիրաւորներուն վիճակը քիչ մը աւելի լաւ է, անոնց շտապօգնութեան մեքենաներով պիտի տեղափոխեն Հայաստան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment