Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան Պաշտօնական Այցով կը Մեկնի Վիեթնամ եւ Սինկափուր

Փաշինեան Պաշտօնական Այցով կը Մեկնի Վիեթնամ եւ Սինկափուր

by MassisPost

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, տիկնոջ` Աննա Յակոբեանի հետ, Յուլիս 4-6, պաշտօնական այցով պիտի մեկնի Վիեթնամի Սոցիալիստական Հանրապետութիւն:

Ինչպէս կը յայտնեն ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն, այցին ընթացքին տեղի պիտի ունենայ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը Վիեթնամի վարչապետ Նկույէն Սուան Ֆուքի հետ:

Այնուհետեւ, երկու երկիրներու կառավարութիւններու ղեկավարները, զանգուածային լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու համար հանդէս պիտի գան բանակցութիւններուն արդիւնքները ամփոփող յայտարարութիւններով: Վիեթնամի վարչապետին անունով՝ ի պատիւ Նիկոլ Փաշինեանի եւ տիկին Աննա Յակոբեանի՝ պիտի տրուի պաշտօնական ընթրիք: Վարչապետ Փաշինեան հանդիպում պիտի ունենայ Վիեթնամի Ազգային ժողովի նախագահ Նկույէն Թի Քիմ Նկանի հետ:

Նիկոլ Փաշինեան պիտի այցելէ Վիեթնամի անկախութեան եւ ազատութեան համար զոհուած հերոսներու յուշահամալիր, ինչպէս նաեւ Վիեթնամի Սոցիալիստական Հանրապետութեան հիմնադիր Հօ Շի-Մինի դամբարան: ՀՀ կառավարութեան ղեկավարը հանդիպումներ պիտի ունենայ նաեւ ՎՍՀ առեւտուրի պալատի ղեկավարութեան եւ վիեթնամցի գործարարներու հետ, պիտի այցելէ Վիեթնամի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւն, ուր պիտի հանդիպի «Վիեթնամ-Հայաստան բարեկամութիւն» հասարակական կազմակերպութեան անդամներու հետ:

Յուլիս 7-9-ին, ալ Սինկափուրի վարչապետ Լի Սիեն Լոնկի հրաւէրով՝ Նիկոլ Փաշինեան պաշտօնական այց մը պիտի կատարէ Սինկափուրի Հանրապետութիւն:

Այցին ծիրէն ներս՝ Հայաստանի վարչապետը հանդիպումներ պիտի ունենայ Սինկափուրի բարձրագոյն ղեկավարութեան՝ Սինկափուրի նախագահ Հալիմա Եագոպի, Սինկափուրի վարչապետ Լի Շին Լունկի, Սինկափուրի խորհրդարանի խօսնակ Թան Չուան-Ճինի հետ: Կը նախատեսուի երկկողմ համագործակցութեան մասին փաստաթուղթերու ստորագրում:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պիտի այցելէ Սինկափուրի մէջ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայկական եկեղեցի, ուր պիտի հանդիպի Սինկափուրի եւ հարեւան երկիրներու մէջ գործող հայ համայնքներու ներկայացուցիչներուն: Կը նախատեսուին նաեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումները Սինկափուրի գործարար շրջանակներու հետ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment