Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքի Տեղապահ Ընտրուած է Սահակ Եպս. Մաշալեան

Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքի Տեղապահ Ընտրուած է Սահակ Եպս. Մաշալեան

by MassisPost

Գումգաբուի մէջ Հինգշաբթի Յուլիս 4-ի առաւօտ տեղի ունեցած  Պոլսոյ Պատրիարքութեան Եկեղեցական համագումարը 13 կողմ ձայնով պատրիարքական տեղապահ ընտրած է Կրոնական ժողովի նախագահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանը։ Այսպիսով, պաշտօնապէս մեկնարկած է Պոլսոյ աթոռի 85-րդ գահակալի ընտրութեան գործընթացը։ Միւս թեկնածուն պատրիարքի փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանը ստացած է 11 ձայն:

Այս ընտրութիւնը պէտք է տեղի ունենար անցեալ շաբաթ, սակայն անյայտ պատճառներով յետաձգուած եւ տեղափոխուած էր 4 Յուլիսին։ Պատրիարքութեան նոր տեղապահը, պատրիարքութեան գործերը վարելէ բացի, պէտք է նախապատրաստէ նաեւ  Պոլսոյ 85-րդ պատրիարքի ընտրութիւնը:

Նորընտիր տեղապահը հաւատացեալներու շրջանին յայտնի է «Մեր սիրելի ուսուցիչը» բնորոշմամբ: Այդպէս ալ կը կոչուի անոր ֆէսյպուքեան էջը, ուր Սահակ եպս. Մաշալեանը պարբերաբար կը դիմէ իր հետեւորդներուն: Ան, մինչ այս ընտրութիւնը, Կրօնական ժողովի ատենապետն էր:

Նորընտիր տեղապահը ընտրութիւնէն ետք հանդէս եկած է յայտարարութեամբ շնորհակալութիւն յայտնելով այն հոգեւորականներուն որոնք վստահութիւն յայտնած են իրէն: «Եկեղեցական համագումար-ժողովը քուէներու մեծամասնութեամբ ինծի տեղապահ ընտրեց։ Տեղապահը պիտի կարգադրէ ընտրութեան գործընթացը, գլուխը պիտի ըլլայ Եկեղեցական ժողովներուն, և ինքը պիտի ապահովէ, որ ընտրութիւնները անկողմնակալ կերպով կատարուի։ Այս վստահութիւնը, որ եկեղեցական եղբայրներս ինծի շնորհած են, շատ շնորհակալ եմ իրենցից։ Եկեղեցական դասուն և ժողովուրդին վստահութեանն արժանի ըլլալ պիտի ջանամ», – ըսած է Մաշալեանը։

Պատրիարքական տեղապահի պաշտօնի կոչուած ըլլալը անմիջապէս կը տեղեկացուի թէ՛ Թրքական պետական իշխանութիւններուն եւ թէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին։

Ընտրութենէն ետք խմբային լուսանկար՝ պատրիարքական նստավայրին մէջ (Գում Գափու):

Ընտրութենէն ետք խմբային լուսանկար՝ պատրիարքական նստավայրին մէջ (Գում Գափու):

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment