Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պատգամաւոր Գայիանէ Աբրահամեան ֆէյսպուքեան Սպառնալիքներու Կապակցութեամբ Դիմած է Իրաւապահներուն

Պատգամաւոր Գայիանէ Աբրահամեան ֆէյսպուքեան Սպառնալիքներու Կապակցութեամբ Դիմած է Իրաւապահներուն

by MassisPost

«Ֆէյսպուք» ընկերային ցանցի օգտատերերէն մէկը մահուան սպառնալիքներ հնչեցուցած է «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Գայիանէ Աբրահամեանի հասցէին։ Պատգամաւորը դիմած է իրաւապահներուն  յարուցուած է, քրէական գործ։

«Իմ դէպքում մահուան սպառնալիք է, այսինքն, որ քո արիւնն է առաջինը թափուելու, կը գան քո ետեւից», – ըսած է Ազգային ժողովի «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Գայիանէ Աբրահամեանը:

Իշխանական խմբակցութեան պատգամաւորին սպառնացած է Robert Avagian ներկայացող ֆէյսպուքեան օգտատէրը։

«Սպառնալիքները, հայհոյանքները, վիրաւորանքները հնչել են ֆէյք օգտատիրոջ կողմից: Իհարկէ, նա ներկայանում է, որ ֆէյք չի եւ փորձում է հնարաւորինս ցոյց տալ, որ իրական օգտատէր է եւ երկրում չէ: Բայց յստակ պարզել ենք, որ ֆէյք է, եւ այդ ուղղութեամբ աշխատանքներ իրականացւում են», – փոխանցած է Աբրահամեանը:

Մահուան սպառնալիքներու փաստի առթիւ յարուցուած քրէական գործը թէեւ կասեցուած է կասկածեալները չյայտնաբերելու պատճառով, սակայն քննչական աշխատանքները կը շարունակուին:

Քննչական կոմիտէէն «Ազատութեան» յայտնած են, որ հարցում ուղարկած են «Ֆէյսպուք», որպէսզի պարզեն Robert Avagian անունով ներկայացող օգտատիրոջ IP հասցէները։

Աբրահամեանը դիմած է իրաւապահներուն, որպէսզի նախադէպ ստեղծէ՝ կանխելու համար նման դէպքերու տարածումը: Պատգամաւորը ըսած է, որ եթէ միայն ինքը տուժող ըլլար, այդքան ալ նախանձախնդիր չէր ըլլար իրաւապահներուն դիմելու հարցի վերաբերեալ:

Նոյն Robert Avagian օգտատէրը թիրախաւորած էր նաեւ «Ազատութեան» լրագրողները. անոնց մասին տարաբնոյթ վիրաւորական, հայհոյախառն գրառումներ կատարած։

Իսկ Հանրային խորհուրդի անդամ Ստիոպա Սաֆարեանը Արամ Թումանեան ներկայացող ֆէյսպուքեան օգտատէրէն ահաբեկող հաղորդագրութիւններ ստացած է։

Ստիոպա Սաֆարեանը իրեն ու հարազատներուն ուղղուած սպառնալիքները կը պայմանաւորէ իրենց գործունէութեամբ․ – «Միանշանակ կասկածներ կան, որ Ռոպերթ Քոչարեանին սատարող շրջանակներից է: Չեմ ասի, թէ շատ յայտնի, երեւելի մակարդակներից»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment