Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի եւ Կիպրոսի Խորհրդարաններու Նախագահները Դատապարտած են Թուրքիոյ Գործողութիւնները

Հայաստանի եւ Կիպրոսի Խորհրդարաններու Նախագահները Դատապարտած են Թուրքիոյ Գործողութիւնները

by MassisPost

Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանը եւ Կիպրոսի Ներկայացուցիչներու պալատի նախագահ Տիմիթրիս Սիլուրիսը, կայացած հանդիպման ընթացքին քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցը եւ Կիպրոսի բացառիկ տնտեսական գօտիին վրայ Թուրքիոյ գործողութիւնները։

Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցին՝ Արարատ Միրզոյեանը նշած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը չի կրնար լուծուիլ առանց հակամարտութեան հիմնական կողմ հանդիսացող Լեռնային Ղարաբաղի որոշիչ խօսքի: Լեռնային Ղարաբաղի խնդրի խաղաղ կարգաւորումը՝ միջազգային հանրութեան կողմէ մանտաթ ունեցող կառոյցի՝ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահողներու հովանիի ներքոյ, եղած է ու կը մնայ միակ ձեւաչափը:

Կիպրոսի Ներկայացուցիչներու պալատը դեռ 1975 թուականին Եւրոպայի մէջ առաջինը, իսկ աշխարհի մէջ երկրորդը ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը, աւելին, 2015 թուականին միաձայն ընդունած է Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող բանաձեւ, իսկ Ապրիլ 24-ը պետականօրէն սահմանած յիշատակի օր: Նոյն համոզմունքով է, որ 2015 թուականի Մարտ 24-ին Ագգային ժողովը միաձայն ընդունած է Օսմանեան կայսրութեան կողմէ Պոնտոսի յոյներու եւ ասորիներու նկատմամբ իրականացուած ցեղասպանութիւնը դատապարտող յայտարարութիւն:

Ինչ կը վերաբերի Կիպրոսի հիմնախնդրին, ԱԺ նախագահը վերահաստատած է հայկական կողմի աջակցութիւնը Կիպրոսին։ Կողմերը դատապարտած են Թուրքիոյ ոտնձգութիւնները Կիպրոսի բացառիկ տնտեսական գօտիին վրայ, որոնք կը խաթարեն տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան ապահովումը:

ԱԺ լրատւութեան եւ հանրութեան հետ կապերու վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Միրզոյեանը Ազգային ժողովի անունէն շնորհակալութիւն յայտնած է Կիպրոսի Ներկայացուցիչներու պալատի անդամներուն այս տարուան Յունիս 28-ին ՀՀ-ԵՄ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրի վաւերացման համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment