Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Քսաններու նահատակութեան 104-ամեակին առիթով ուխտի վերանորոգումի հաւաք

Քսաններու նահատակութեան 104-ամեակին առիթով ուխտի վերանորոգումի հաւաք

by MassisPost

Կազմակերպութեամբ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Լիբանանի շրջանի Վարիչ Մարմինի քարոզչական դիւանին, Շաբաթ, 15 Յունիս 2019-ին, Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան Գոլէճի «Արմէն եւ Բերսաբէ Ճէրէճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հնչակեան Քսան կախաղաններու 104-ամեակին նուիրուած իւրօրինակ ձեռնարկ` ուխտի  վերանորոգումի հաւաք, ներկայութեամբ կուսակցութեան ղեկավար մարմիններու, մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներու, քատրային ընկերներու, կուսակցութեան յարակից միութիւններու ատենապետներու եւ անդամներու, ինչպէս նաեւ պաշտօնական զանազան կառոյցներու մէջ կուսակցութեան ներկայացուցիչներու:

Ուխտի վերանորոգումի հանդիպումը սկսաւ գոլէճի շրջափակին մէջ տեղադրուած Փարամազի կիսանդրիին շուրջ, ուր ՀՄՄ-ի սկաուտական կազմի անդամներուն օժանդակութեամբ եւ յեղափոխական երգերու կատարողութեամբ ներկաները տեղադրեցին կարմիր վարդեր` ի յիշատակ անմահ Քսաններուն: Հնչակեան Կուսակցութեան անունով ծաղկեպսակ մը զետեղեցին կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Ընկ. Ալեքսան Քէօշկէրեան եւ Լիբանանի շրջանի Վարիչ Մարմինի ատենապետ Ընկ. Սեպուհ Գալփաքեան: ՀՄՄ-ի փողերախումբին կատարողութեամբ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Հնչակեան կուսակցութեան քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, ներկաները իրենց տեղերը գրաւեցին սրահին մէջ, ուր սկսաւ ուխտի վերանորոգումի պաշտօնական հանդիսութիւնը:

20-beirut-4

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ս.Դ.Հ.Կ. «Տխրունի» Ուսանողական Երիտասարդական Միութեան ատենապետ Ընկ. Տիգրան Միհրանեան: Ան դիտել տուաւ, որ Քսանները արդարութեան համար մղուող պայքարի եւ հայրենասիրութեան բացառիկ նմոյշներ ու դրօշակակիր ներ կը համարուին ոչ միայն կուսակցութեան իրականութեան, այլեւ հայ ժողովուրդի պատմութեան հարուստ էջերուն մէջ: Ընկ. Միհրանեան անհրաժեշտ համարեց Քսաններու քաջագործութիւններու բոլոր մանրամասնութիւններու արխիւներէն լոյսի գալը, յանուն գալիք սերունդներուն: «Անոնք մեր հանապազօրեայ հոգեւոր հա՛ցն են: Անոնց իրական տեղը ո՛չ թէ պատմութեան արխիւներն են, այլ մերօրեայ դասագիրքերն են, անոնք մեր խորհրդատուներն են եւ անո՛նք են դէպի ճիշդ ճամբան տանող անսխալական կողմնացոյցը», շեշտեց Ընկ. Տիգրան Միհրանեան:

«Տխրունի» Ուսանողական Երիտասարդական Միութեան անդամ խումբ մը ընկերուհիներ եւ ընկերներ արտասանեցին Քսաններուն նուիրուած խմբային խօսք մը։

20-beirut-5

Ս.Դ.Հ.Կ. Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Ընկ. Ալեքսան Քէօշկէրեան իր խօսքին մէջ կեդրոնացաւ մասնաւորաբար Հայաստանի նորագոյն զարգացումներուն եւ անոնց հանդէպ Հնչակեան կուսակցութեան որդեգրած դիրքորոշումներուն ու լուծումներու առաջարկներուն վրայ: Ան հակիրճ ներկայացուց Հայաստանի անկախութեան յաջորդած ժամանակահատուածին տեղի ունեցած զարգացումները եւ նշեց, որ իրարայաջորդ իշխանութիւնները 27 տարուան ընթացքին չկրցան լուծել երկրի ընկերային ու տնտեսական հարցերը, այլ երկրին մէջ խորացուցին դասակարգային անարդարութիւնը, ժողովուրդը բաժնելով մեծաթիւ աղքատ զանգուածի եւ փոքրաթիւ հարուստ իշխանաւորներու:

Ընկ. Քէօշկէրեան նշում կատարեց անկախ Հայաստանի դիմագրաւած շարք մը խնդիրներուն եւ ծանրակշիռ միջադէպերուն` ներառեալ 1999-ի Հոկտեմբեր 27-ի ոճիրը, 2008-ի Մարտ 1-ի դէպքերը եւ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմը, որոնց մանրամասնութիւնները եւ պատասխանատուութիւնները տակաւին չեն բացայայտուած: Ան բնական համարեց, որ Հնչակեան կուսակցութիւնը զօրակցէր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած 2018-ի ժողովրդային շարժումին ու Թաւշեայ յեղափոխութեան, որուն նպատակն էր արմատախիլ ընել փտածութիւնը պետական համակարգէն, բարձրացնել բնակչութեան կենսամակարդակը, ամրապնդել ժողովրդավարութիւնը, երաշխաւորել խօսքի եւ այլ ազատութիւնները, անկախացնել արդարադատական համակարգը, հաշուեյարդարի ենթարկել երկիրը ծանր կացութեան մղած նախկին բոլոր պատասխանատուները:

Գնահատելով հանդերձ Հայաստանի մէջ անցնող տարուան ընթացքին նկատուած դրական փոփոխութիւնները` ներառեալ Արցախի հարցի լուծման առնչութեամբ նոր քաղաքականութիւններու որդեգրումը եւ օրէնքի գերակայութեան վիճակի ամրապնդումը, Ընկ. Քէօշկէրեան նշում կատարեց շարք մը թերութիւններու, մասնաւորաբար Սփիւռքի նախարարութիւնը չեղարկելու որոշումին, քատրային որոշ անյաջող նշանակումներուն եւ մանաւանդ հարկային նոր օրէնքի վաւերացումին, որ կրնայ վնասել աղքատ եւ միջին դասակարգերու շահերուն, սահմանափակելով երկրին տնտեսական աճը: Ընկ. Քէօշկէրեան ողջունեց ներկայի երիտասարդ եւ հայրենասէր իշխանութիւններու լուրջ փորձերը` տարիներու սխալները ճշդելու ուղղութեամբ, սակայն զգուշացուց աղքատ եւ միջին դասակարգի պատկանող քաղաքայիններու շահերը վտանգելէ:

20-beirut-2

Ս.Դ.Հ.Կ. Լիբանանի շրջանի Վարիչ Մարմինի խօսքը արտասանեց ատենապետ Ընկ. Սեպուհ Գալփաքեան: ան դիտել տուաւ, որ Քսաններու նահատակութեան օրը ուխտի վերանորոգումի օր է. այն ուխտին, որ մենք յանձնառու դարձած ենք անսակարկօրէն ծառայելու մեր ժողովուրդին: Ընկ. Գալփաքեան նշեց, որ Քսաններու նահատակութիւնը մեզի համար ոգեշնչող հերոսական պատմական եղելութիւն մըն է, որուն նմանը գրեթէ գոյութիւն չունի մեր ժողովուրդի պատմութեան մէջ: Ան շեշտեց, որ այն կուսակցութիւնը, որ բազմահազար նահատակներ տուած է իր ժողովուրդի բարօրութեան համար, ոեւէ մէկէն բարենիշ չ՛ակնկալեր, որովհետեւ իր անբիծ անցեալը անուրանալի ապացոյց մըն է այս առումով:

Ընկ. Սեպուհ Գալփաքեան ապա անդրա դարձաւ լիբանանահայ իրականութեան եւ շեշտեց, որ գաղութը կը գտնուի արագընթաց վայրէջքի մէջ, որովհետեւ գաղութին մէջ գոյութիւն չունի լիարժէք միասնականութիւն, ներդաշնակութիւն եւ համընդհանուր շահերու հետապնդում: Վկայակոչելով անցեալ տարուան Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն արդիւնքները՝ Ընկ. Գալփաքեան հարց տուաւ, որ այսօր ո՞վ կը ճանչնայ նորընտիր երեսփոխանները, ո՞ւր են անոնք, որո՞ւն հաշուետու են եւ ի՞նչ աշխատանք կը տանին լիբանանահայութեան իրաւունքները պաշտպանելու առումով: «Անոնք որոնք կ՛ուզեն մեզ համոզել, որ իրենք յաղթական դուրս եկան ընտրութենէն, կը սխալին: Անգամ մը եւս փաստուեցաւ, որ անկեղծ չէր միասնականութիւնը եւ նեղ կուսակցական շահերը գերիշխող էին»: Այս հարցին որպէս եզրակացութիւն, Ընկ. Գալփաքեան յայտնեց, որ Հնչակեան կուսակցութիւնը, դէմ ըլլալով հանդերձ յարանուանութիւններու քաղաքականացումին, ճիշդ կը համարէ ընտրական օրէնքը հիմնել Լիբանանը մէկ ընտրատեղամասի վրայ, ուր իւրաքանչիւր համայնք կ՛ընտրէ իր երեսփոխանները` համեմատական դրութեան հիման վրայ: «Այս գուցէ միակ օրէնքն է, որ լիբանանահայութեան խօսքը ազդու կը դարձնէ ընտրութիւններուն ընթացքին: Այլապէս, ուրիշներ մեր փոխարէն պիտի ընտրեն մեր ներկայացուցիչները, տարբեր գործօններ շահագործելով», զգուշացուց Ընկ. Գալփաքեան:

Ան եզրակացուց, որ լիբանանահայութեան նաւը սկսած է ճաքեր տալ եւ եթէ այդ նաւը ընկղմի, ապա ոչ ոք պիտի փրկուի, նոյնիսկ ոչ անոնք, որոնք իրենք զիրենք նաւուն վերնամասը կը կարծեն: Ան կոչ ուղղեց ապակուսակցականացնելու ազգային հաստատութիւնները եւ յարգելու միմիանց, որովհետեւ պահը կը պահանջէ լրջութիւն:

20-beirut-1

Ապա, Լիբանանի շրջանի Վարիչ Մարմինը յուշանուէրներով պարգեւատրեց Ընկ. Սարգիս Սարգիսեանը եւ Ընկ.հի Մաքրուհի Թաթուլեան Խաչատուրեանը, որպէս Հնչակեան կուսակցութեան Լիբանանի շրջանի արժանաւոր երիցագոյն շարքայինները:

Մանկավարժ եւ գիրքերու խմբագիր Ընկ.հի Խաչատուրեան երկար տարիներ վարած է ՀՄՄ-ի Օրիորդացի ատենապետութիւնը, Ազգային Ռուբինեան վարժարանի տնօրէնութիւնը, եղած է ՍԴՀԿ «Մարօ Նազարբէկեան» մասնաճիւղի վարչական եւ յօդուածագիր` «Արարատ» օրաթերթին մէջ: Իսկ Ընկ. Սարգիս Սարգիսեան եղած է Հնչակեան կուսակցութեան եւ Հայրենիքի միջեւ մերձեցումի աշխատանքին գլխաւոր սատարողներէն մէկը: Ան ստանձնած է կուսակցական զանազան պաշտօններ: Այս առթիւ, Ընկ.հի Խաչատուրեան յղեց իր սրտի խօսքը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment