Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ֆրանսայի Քաղաքապետեր․ Արցախի Հետ Բարեկամութեան Հռչակագիրները Չենք Ստորագրած Ֆրանսայի Անունով

Ֆրանսայի Քաղաքապետեր․ Արցախի Հետ Բարեկամութեան Հռչակագիրները Չենք Ստորագրած Ֆրանսայի Անունով

by MassisPost

«Ափսոսանքով կը նշենք Կրենոպլի վարչական դատարանի կողմէ Վալանս, Պուրկ լե Վալանս, Պուրկ տը Պեաժ քաղաքներու եւ Տրոմի նահանգի ու Արցախի Հանրապետութեան տեղական եւ տարածքային մարմիններու միջեւ ստորագրուած Բարեկամութեան հռչակագրերու միաժամանակեայ չեղարկումը»,-այս մասին ըսուած է Պուրկ լե Վալանսի քաղաքապետ Մարլէն Մուրիէի, Վալանսի քաղաքապետ, Օվերնի-Ռոն Ալպ շրջանի փոխնախագահ Նիքոլա Տարակոնի յայտարարութեան մէջ։

Յայտարարութեան մէջ ըսուած է, որ հակառակ անոր, որ ֆրանսական սահմանադրութիւնը տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն չարգելեր միջազգային գործունէութիւն իրականացնել, ստորագրուած հռչակագրերը ընդամէնը բարեկամութեան մասին պարզ յայտարարութիւններ են, որոնք ժողովուրդներու միջեւ բարեկամութեան եւ սփորթի, մշակոյթի ու կրթութեան բնագաւառներուն մէջ յարաբերութիւններու հաստատման կոչ կ’ընեն:

«Այս հռչակագրերը չեն ոտնահարեր արտաքին քաղաքականութեան ոլորտին մէջ ֆրանսական Կառավարութեան լիազօրութիւնները: Երբեք մտադիր չենք եղած այս փաստաթուղթերը ստորագրել Ֆրանսայի անունով:

Յիշեցնենք, որ Ֆրանսան, որպէս Մինսքի խումբի անդամ, անկողմնակալութեան յանձնառութիւն ունի՝ իբրեւ միջնորդ Ատրպէյճանի եւ Արցախի Հանրապետութեան միջեւ եղած հակամարտութեան լուծման գործընթացին մէջ:

«Խորապէս կը ցաւինք, որ մեր փաստարկները չլսուեցան եւ մեր ձեռնարկած զգուշաւորութեան բոլոր միջոցները՝ հետամուտ ըլլալու հանրապետական կարգը յարգելուն, հաշուի չառնուեցան:

Այս իւրայատուկ կերպով ջանքերու ներդրումը կը խօսի իրաւական գործառնութեան համակարգուած ու խորհրդակցուած բնոյթի, ինչպէս նաեւ Արցախի հանդէպ յատուկ կոշտ վերաբերմունքի մասին:

Մենք կը վերհաստատենք մեր հաւատարմութիւնը Արցախի ու անոր բնակիչներու հետ բարեկամութեան՝ յուսալով, որ մեր անսասան համերաշխութիւնը կը նպաստէ խաղաղութեան եւ Ֆրանսայի՝ այսօր խարխլուած հեղինակութեան ամրապնդման Կովկասի մէջ»,-ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment