Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Թուրքիան ԱՄՆ-ը Մեղադրած է С-400 Համակարգերու Մասին Նամակի Բովանդակութիւնը Հրապարակելու Համար

Թուրքիան ԱՄՆ-ը Մեղադրած է С-400 Համակարգերու Մասին Նամակի Բովանդակութիւնը Հրապարակելու Համար

by MassisPost

Թուրքիան անընդունելի համարած է ԱՄՆ-ի կողմէ Փենթակոնի ղեկավար Փաթրիք Շանահանի՝ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուսուլի Աքարին ուղղուած նամակի հրապարակումը՝ կապուած Անգարայի կողմէ ռուսական С-400 զէնիթահրթիռային համակարգերու գնման հետ: Այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահի խորհրդական եւ մամուլի քարտուղար Իպրահիմ Քալընը:

Անգարայի մէջ աւելի վաղ յայտարարած էին, որ պիտի չհրաժարին ռուսական համալիրները ձեռք բերելու մտադրութենէն, իսկ առաջին խմբաքանակը պէտք է մատակարարուի  Յուլիսին: ԱՄՆ-ն, իր հերթին, յայտարարած է, որ С-400 համակարգերը համատեղելի չեն ՆԱԹՕ-ի չափանիշներուն, եւ կը սպառնան չեղարկել Թուրքիոյ F-35 կործանիչներու վաճառքի գործընթացը:

Foreign Policy պարբերականը, վկայակոչելով 6 Յունիսի, Շանահան Աքարի նամակը տեղեկացուցած է, որ ԱՄՆ-ի մէջ F-35 կործանիչներու կառավարման համար վերապատրաստում անցնող թուրք օդաչուները պէտք է երկրէն հեռանան մինչեւ 31 Յուլիսը, եւ նոր օդաչուներ ուսուցման համար իրենք պիտի չընդունին:

«Այդ նամակը չի համապատասխաներ դաշնակցային յարաբերութիւններուն: Նամակը ուղարկելու հետ մէկտեղ անոր բովանդակութիւնը հրապարակած են մամուլի մէջ: Այդ անթոյլատրելի է լուրջ պետական գործերու համար: Մենք պատասխան կը պատրաստենք, ես զրուցած եմ ԱՄՆ նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթընի հետ այդ հարցով: Թող բոլորը վստահ ըլլան, որ մենք պատասխան կու տանք, սակայն մենք կը շարունակենք բանակցութիւնները: Մեր օդաչուներու վերապատրաստման հարցը Թուրքիան եւ ԱՄՆ-ն պիտի քննարկեն 29 Յունիսին Ճափոնի մէջ G20-ի գագաթնաժողովի շրջանակներէն ներս կայանալիք հանդիպման ժամանակ», – ըսած է Քալընը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment