Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ Ուաշինկթըն Կրնայ Չեղեալ Յայտարարել F-35-ի Գործարքը

Ուաշինկթըն Կրնայ Չեղեալ Յայտարարել F-35-ի Գործարքը

by MassisPost

Միացեալ Նահանգները առաջին յստակ քայլերը կը կատարէ ՆԱԹՕ-ի դաշնակից Թուրքիոյ դէմ, որ, հակառակ բազմաթիւ նախազգուշացումներուն, չի հրաժարիր ռուսական S-400 հակաօդային պաշտպանութեան հրթիռային համակարգեր գնելու գործարքէն:

Ներկայացուցիչներու տունը հաւանութիւն տուած է Թուրքիոյ հարցով Մայիսէն շրջանառութեան մէջ դրուած բանաձեւին, որ Թուրքիոյ կոչ կ’ընէ հրաժարելու S-400 համակարգը գնելու գործարքէն, հակառակ պարագային՝ սպառնալով պատժամիջոցներ կիրառել Թուրքիոյ դէմ: Իսկ ռազմական ղեկավարութիւնը դադրեցուցած է թուրք օդաչուներու ու հրահանգիչներու ուսուցումը, որոնք ԱՄՆ ժամանած էին F-35 ռազմական օդանաւերու կառավարումը սորվելու նպատակով:

Ուաշինկթընը Անգարայէն պահանջած է հրաժարիլ ռուսական S-400 հրթիռային համակարգեր գնելու գործարքէն՝ վերջնական որոշում ընդունելու համար ժամանակ տալով մինչեւ Յուլիս 31-ը:

Եթէ Թուրքիան չհրաժարի այս գործարքէն, ապա Ուաշինկթընը պիտի չեղեալ յայտարարէ F-35 կործանիչները Թուրքիոյ վաճառելու համաձայնագիրը եւ պիտի դադրեցուին այդ գործարքի հետ կապուած յարակից ծրագիրները:

Անգարան արձագանգած է Քոնկրեսին՝ յայտարարելով, թէ ընդունուած բանաձեւը անընդունելի սպառնալիք է Թուրքիոյ:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, թէ բանաձեւը անարդարացի ու անհիմն մեղադրանք կը պարունակէ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան եւ արդարադատութեան համակարգի վերաբերեալ:

Քոնկրեսի քննարկումներուն Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Էլիոթ Էնկելը ըսած է. – «Արտաքին յարաբերութիւններուն մէջ մենք սա հազուադէպ կը տեսնենք, բայց սա սեւ-սպիտակ հարց է: Երրորդ տարբերակ չկայ: Կա՛մ պարոն Էրտողանը կը չեղարկէ Ռուսաստանի հետ գործարքը, կա՛մ՝ ոչ: Թուրքիան չի կրնար միաժամանակ ռուսական սպառազինութիւն եւ ամերիկեան F-35 ունենալ», – ընդգծած է արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment