Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Գումարուած է Ս. Փեթերզպուրկի Միջազգային Տնտեսական Համաժողովը

Գումարուած է Ս. Փեթերզպուրկի Միջազգային Տնտեսական Համաժողովը

by MassisPost

Ս. Փեթերզպուրկի մէջ բացուած է 23-րդ միջազգային տնտեսական խորհրդաժողովը, որու մասնակիցներու շարքին են Ռուսաստանի եւ Չինաստանի նախագահներ Վլատիմիր Փութինը, Սի Ծինփինը եւ շարք մը այլ երկիրներու բարձրաստիճան պաշտօնեաներ:

Եռօրեայ համաժողովի ընթացքին Փութինը  հանդիպած է Պուլկարիոյ նախագահ Ռումէն Ռատեւի, Սլովաքիոյ վարչապետ Փեթեր Փելեկրինիի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ:

Լիագումար նիստին կը մասնակցի նաեւ ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես:

Լրատուական գործակալութիւնները կը հաղորդեն, որ Ս. Փեթերզպուրկի համաժողովին չեն մասնակցիր Միացեալ Նահանգներու պաշտօնեաները եւ ամերիկեան խոշոր ընկերութիւններու պատուիրակները:

Ռուսաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպան Ճոն Հանթսմանը եւ ամերիկացի պաշտօնեաները կը պոյքոթեն համաժողովը՝ այդպէս բողոք յայտնելով ամերիկացի ներդրող Մայքլ Քալվին այս տարուան Փետրուարին Մոսկուայի մէջ ձերբակալելու Ռուսաստանի իրաւապահներու որոշման դէմ:

Անցեալ տարուան համաժողովին ներկայ էր 17 հազար մասնակից: Այս տարուան համաժողովը կը գումարուի Ռուսաստանի տնտեսական իրավիճակի վատթարացման պայմաններուն մէջ:

«Ռուսաստանի Հիւսիսային մայրաքաղաք» Ս. Փեթերզպուրկի մէջ միջազգային տնտեսական առաջին համաժողովը տեղի ունեցած է 1997 թուականին:

2006 թուականէն այդ խոշոր հաւաքի կազմակերպումը ստանձնած է Ռուսաստանի նախագահի վարչակազմը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment