Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Կառավարութեան Համար Ռազմարդիւնաբերութեան Ոլորտը Գերակայութիւն է. Փաշինեան

Կառավարութեան Համար Ռազմարդիւնաբերութեան Ոլորտը Գերակայութիւն է. Փաշինեան

by MassisPost

Կառավարութեան համար ռազմարդիւնաբերութեան ոլորտը գերակայութիւն է, եւ այս ոլորտի հետ կապուած լուրջ ծրագրեր ու նպատակներ կան, այս մասին յայտարարած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը կառավարութեան մէջ տեղի ունեցած Հայաստանի ռազմարդիւնաբերական յանձնաժողովի նիստի ընթացքին:

Ըստ վարչապետի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան՝ Փաշինեանը անդրադարձած է ՀՀ կառավարութեան կառուցուածքի փոփոխութիւններուն, որոնց արդիւնքով պիտի ստեղծուի Բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարարութիւն:

«Ռազմարդիւնաբերական համալիրը, արտադրական ներուժը, արտադրական ձեռնարկութիւնները պէտք է տեղափոխուեն եւ տեղաւորուեն այս նախարարութեան կառուցուածքի մէջ: Մենք այս թեմայով արդէն մի քանի աշխատանքային քննարկումներ ունեցել ենք եւ պէտք է լուրջ խնդիրներ դնենք այս ոլորտի առաջ, որպէսզի այս ուղղութիւնը խթան հանդիսանայ ոչ միայն մեր անվտանգութեան մակարդակի բարձրացման, այլեւ տնտեսութեան զարգացման համար, որի հետ կապուած կարեւորագոյն խնդիրներից մէկը մեր երկիրը թեխնոլոկիապէս զարգացած երկիր դարձնելն է», – նշած է կառավարութեան ղեկավարը:

Նիստի ընթացքին ներկայացուած են ռազմարդիւնաբերական համալիրի համար երիտասարդ մասնագէտներու պատրաստման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքները, քննարկուած են գիտութիւն-արհեստագիտութիւններ-ռազմարդիւնաբերութիւն-տնտեսութիւն շղթայի կառուցման եւ արդիւնաւէտ կիրարկման վերաբերող հարցեր:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment