Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Կարօ Փայլանի Ահազանգը. Թրքական ֆիլմաշարին մէջ Հայը կը Ներկայացուի Որպէս Ստոր եւ Դաւաճան Մարդ

Կարօ Փայլանի Ահազանգը. Թրքական ֆիլմաշարին մէջ Հայը կը Ներկայացուի Որպէս Ստոր եւ Դաւաճան Մարդ

by MassisPost

Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր, ընդդիմադիր «Ժողովուրդներու դեմոկրատական» (HDP) քրտամէտ կուսակցութեան անդամ Կարօ Փայլանը խստօրէն քննադատած է թրքական պետական հեռուստաընկերութիւնը (TRT):

Պատճառն այն է, որ  Պոլսոյ քաղաքապետի ընտրութիւններուն ընդառաջ հեռուստաալիքը կը ցուցաբերէ ակնյայտ կողմնակալութիւն:

Փայլանը նաեւ նշած է այն երեւոյթի վտանգաւորութեան մասին, երբ հեռուստատեսութիւնը պատմական-քաղաքական ֆիլմաշարերու միջոցով կը փորձէ տարաբնոյթ ուղերձներ յղել տարբեր հասցէատէրերու:

Որպէս օրինակ Փայլանը մատնանշած է պատմական փաստերու ակնյայտ խեղաթիւրմամբ նկարահանուած «Գահանիստ. Ապտուլհամիտ» (Payitaht Abdülhamid) հեռուստաշարը, որ այժմ կը ցուցադրուի TRT-ով ու յատուկ ուղերձներ կը պարունակէ։

Վերջերս այդ ֆիլմաշարին միջոցով գրեթէ սպառնալիքի հասնող ուղերձներ հնչած են Թուրքիոյ նախկին նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի եւ նախկին վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլուի հասցէին։

Եւ ահա նոյն այդ ֆիլմաշարին մէջ այս անգամ թիրախաւորած են հայու կերպարը։ Կարօ Փայլանը պատմած է, որ այդտեղ հայու կերպարը ներկայացուած է իբրեւ ստոր, դաւաճան մէկը: Իսկ ամենահետաքրքիրը այն է, որ անոր անունը Կարօ է։ Բնականաբար, ոչ պատահական:

Հայ պատգամաւորը յիշեցուցած է, որ օսմանեան բազմաթիւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ հայեր եղած են։ Հայ եղած է նաեւ Ապտուլհամիտի հարազատ մայրը։ Իսկ այդ մասին ֆիլմաշարին մէջ ոչինչ կ’ըսուի։ Հայը կը ներկայացուի միայն դաւաճանի կերպարով, անունն ալ՝ Կարօ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment