ՀՀ կառավարութեան այսօրուան նիստին կ՛որոշէ կայացուած Հայաստանի եւ Չինաստանի միջեւ սովորական անձնագիրներ կրող անձանց համար մուտքի արտօնագիրի պահանջը փոխադարձաբար վերացնելու մասին:
Համաձայնագիրով կը նախատեսուի, որ իւրաքանչիւր կողմի պետութեան վաւեր անձնագիրներ կրող քաղաքացիները միւս կողմի պետութեան տարածք մուտք գործելուն, դուրս գալուն կամ տարանցիկ երթեւեկելուն կ՛ազատուին մուտքի արտօնագիրի պահանջէն իրենց մուտք գործելու ամսաթիւէն` մինչեւ 90 օր ժամկէտով` 180 օրուան ընթացքին:
«Կողմերը շահագրգիռ են տարբեր ոլորտներու մէջ համագործակցութիւնը շարունակ խորացնելու հարցով, ներառեալ` միջանձնային շփումներու եւ զբօսաշրջութեան խթանման միջոցով»,- ըսուած է հիմնաւորման մէջ:
Համաձայնագիրը կը ստորագրուի Չինաստանի ԱԳ նախարարի` յառաջիկային Հայաստան նախատեսուած այցի ծիրէն ներս:
ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ այս քայլը կ’աշխուժացնէ երկու երկիրներու շփումները: