Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Էրտողանի Վերջին Հակահայ Ատելութեան Ելոյթը Քննարկուած է Հոլանտայի Խորհրդարանէն Ներս

Էրտողանի Վերջին Հակահայ Ատելութեան Ելոյթը Քննարկուած է Հոլանտայի Խորհրդարանէն Ներս

by MassisPost

Հոլանտահայ կազմակերպութիւններու ֆետերացիան (FAON) անընդունելի համարած է Հոլանտայի Արտաքին գործոց նախարար Սթէֆ Պլոքի պատասխանը Հոլանտայի խորհրդարանի պատգամաւորներու կոչին` դատապարտելու Հայոց ցեղասպանութեան մասին Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի անհեթեթ խօսքերը, որ ան արտայայտած է 24 Ապրիլ 2019-ին` Մեծ Եղեռնի զոհերու յիշատակի օրը։

2019 թուականի 15 Մայիսին խորհրդարանէն ներս տեղի ունեցած Թուրքիոյ իրավիճակի մասին քննարկումներու ժամանակ, տարբեր խմբակցութիւններու պատգամաւորները դիմած են արտաքին գործոց նախարարին կոչ ընելով` դատապարտելու Թուրքիոյ անթոյլատրելի ժխտողական քաղաքականութիւնը, որու դրսեւորումն է Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի խօսքերը թէ «հայ հրոսակախմբերու եւ անոնց աջակիցներու վերաբնակեցումը, որոնք կը կոտորէին իսլամ ժողովուրդը, ամենաողջամիտ գործողութիւնն էր, որ կարելի էր նախաձեռնել այդ ժամանակ»։

Իր ելոյթին մէջ պատգամաւոր Ճոէլ Վորտեւինտը (Քրիստոնէական միութիւն – CU) յիշեցուցած է Ռաուվութի բանաձեւի մասին, որ դեռ ուժի մէջ է, ուր խորհրդարանը միաձայն յանձնարարած է կառավարութեան Թուրքիոյ հետ երկխօսութեան շրջանակէն ներս շարունակաբար եւ բացայայտօրէն օրակարգի մէջ ներառել Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը։

2004 թուականին Հոլանտայի խորհրդարանի կողմէն միաձայն ընդունուած այս բանաձեւը կը համարուի խորհրդարանի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման առաջին փաստաթուղթը: Այս բանաձեւի դրոյթները բազմիցս մէջբերուած են խորհրդարանէն ներս, երբ քննարկուած է մարդու իրաւունքներու իրավիճակը Թուրքիոյ մէջ ընդհանրապէս եւ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը մասնաւորապէս։

Պատգամաւորներ Մարթէյն Վան Հելվերթը (Քրիստոնեայ դեմոկրատական Կոչ – CDA) եւ Քեես Վան Տեր Սթայը (Քաղաքական Բարեփոխուած Կուսակցութիւն – SGP) նոյնպէս անդրադարձած են այս հարցին եւ անհրաժեշտ համարած են հոլանտական կողմի հակադարձ պատասխանը Թուրքիոյ նախագահի յայտարարութիւններուն։

Նախարար Պլոքը խուսափած է, իր խօսքով, «Հայոց ցեղասպանութեան խնդրին» առնչուող այդ հրատապ հարցերուն ուղղակի պատասխան տալէ, նշելով, որ ան սովորաբար չի ցանկար արձագանգել տարբեր մարդոց հնչեցուցած խօսքերուն։

Հոլանտահայ կազմակերպութիւններու ֆեդերացիան (FAON) կը գտնէ, որ նախարարի այս  արձագանգը կը վկայէ ծայրայեղ եւ վտանգաւոր քաղաքական անսկզբունքայնութեան մասին։ Քննարկումներու ժամանակ նախարարը ստիպուած եղած է քանի մը անգամ հաշիւ տալ ոչ միայն Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները վերականգնելու, այլեւ ընդլայնելու միջոցներու մասին, ինչպէս նաեւ հոլանտացիներու միամիտ յոյսի մասին, որ առեւտրային յարաբերութիւններու զարգացմամբ հնարաւոր կ’ըլլայ Թուրքիոյ մէջ բարելաւել օրինականութիւնը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment