Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Երեւանի «Գրիգոր Լուսաւորիչ» Փողոցը Պիտի Անուանափոխուի եւ Կոչուի ՝ «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Փողոց»

Երեւանի «Գրիգոր Լուսաւորիչ» Փողոցը Պիտի Անուանափոխուի եւ Կոչուի ՝ «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Փողոց»

by MassisPost

Երեւան քաղաքի Կեդրոն վարչական շրջանի «Գրիգոր Լուսաւորիչ» փողոցը պիտի անուանափոխուի «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի»: «Արմէնբրես»ի հաղորդմամբ՝ Երեւանի աւագանին ձայներու 30 կողմ, 7 դէմ եւ 12 ձեռնպահ համամասնութեամբ կողմ քուէարկած է աւագանիի «Լոյս» խմբակցութեան անդամ Թեհմինա Վարդանեանի կողմէ առաջարկուած նախագիծին:

Գրիգոր Լուսաւորիչը հայ եկեղեցւոյ հոգեւոր Հայրերու կողմէ դասուած է աւագ սուրբերու կարգին, այնուհետեւ դասուած համաքրիստոնէական սուրբերու շարքին:

Նախագիծին մէջ նշուած է, որ Գրիգոր Լուսաւորիչի անուամբ կոչուած փողոցը ներկայիս չընդգրկեր «Սուրբ» ածականը, ինչը անհրաժեշտ է շտկել, հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ հայ ազգը առաջինն է, որ քրիստոնէութիւնը ընդունած է որպէս պետական կրօն։

Նոյն նիստի ժամանակ Երեւանի աւագանին բուռն քննարկումներէ ետք մերժած է Մովսէս Խորենացի փողոցի եւ Մաշտոցի պողոտայի անուններուն առջեւ «Սուրբ» բառը աւելցնելու առաջարկը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment