Հայաստանի պաշտօնաթող նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը, որ Մարտ 1-ի գործով կը մեղադրուի սահմանադրական կարգի տապալման համար, բանտէն Reuters գործակալութեան տուած գրաւոր հարցազրոյցին մէջ յայտարարած է, որ հզօր ընդդիմադիր ուժեր կը միաւորուին՝ մարտահրաւէր նետելու Հայաստանի նոր իշխանութիւններուն: Քոչարեանը Reuters-ին ըսած է՝ յոյս ունի, որ ինքը այդ ուժերու շարքին կ’ըլլայ:
Կալանավայրէն տուած հարցազրոյցին մէջ Քոչարեանը կրկին պնդած է, որ իր դէմ առաջադրուած մեղադրանքները քաղաքական են, եւ մեղադրած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ընտրովի արդարադատութիւն իրականացնելու մէջ: Նախկին նախագահը պնդած է, որ Հայաստանի մէջ նոր քաղաքական գործիչներ եւ ընդդիմադիր ուժեր կը ձեւաւորուին:
«Գործընթացը անշուշտ պիտի հանգեցնէ հզօր քաղաքական ուժերու ստեղծման, որոնք ընդունակ կ’ըլլան շատ շուտով մարտահրաւէր նետել իշխանութիւններուն», – գրած է Քոչարեանը: Հարցին ալ՝ արդեօք ինքը անձամբ պիտի մասնակցի՞ այդ նոր ընդդիմութեան ձեւաւորման, Քոչարեանը պատասխանած է՝ «այո, անշուշտ», սակայն չէ յստակեցուցած, թէ ինչպիսին պիտի ըլլայ իր մասնակցութիւնը:
Հարցազրոյցին մէջ Ռոպերթ Քոչարեանը պնդած է, թէ Հայաստանի մէջ անցած տարի տեղի ունեցածը յեղափոխութիւն չէր, իսկ զանգուածային ցոյցերու պատճառը «հասարակութեան մէջ կուտակուած դժգոհութիւնն էր եւ փոփոխութիւններու ցանկութիւնը»:
10 մարդու մահուան պատճառ դարձած 2008-ի յետընտրական արիւնալի ցոյցերուն անդրադառնալով ալ՝ Քոչարեանը պնդած է, թէ երկրին մէջ կարգուկանոնը հաստատուած է միայն այն բանէն ետք, երբ արտակարգ դրութիւն յայտարարուած է: «Այդ չընելը կը նշանակէր, որ նախագահը անգործութիւն դրսեւորած է», – պնդած է Հայաստանի երկրորդ նախագահը: