Հէյտար Ալիեւի երբեմնի մերձաւոր զինակից, Ատրպէյճանի առողջապահութեան նախկին նախարար, նախկին քաղբանտարկեալ Ալի Ինսանովը կոչ կ’ընէ պաշտօնական Պաքուին հրաժարելու ռազմատենչ հռետորաբանութենէն եւ գործուն քայլեր ձեռնարկելու հայերու հետ հաշտութեան եզրեր գտնելու ուղղութեամբ:
Ինսանովը այս մասին յայտարարած է անցած շաբաթավերջին «Ամերիկայի ձայն»-ի ատրպէյճանական ծառայութեան տուած հարցազրոյցին մէջ: Սա անոր առաջին շփումն էր լրագրողներու հետ բանտէն դուրս գալէն ետք, ուր նախկին նախարարը Իլհամ Ալիեւի դէմ յեղաշրջում կազմակերպելու մեղադրանքով 14 տարի անցուցած էր:
«Մենք պէտք է վերջ տանք ռազմատենչ հռետորաբանութեան: Երկու ժողովուրդները մեղաւոր չեն, որ հակամարտութիւնը նման սուր բնոյթ ստացած է: Հարկաւոր է հաշտութեան երթալ: Ղարաբաղեան հակամարտութիւնը կրնայ լուծուիլ բացառապէս խաղաղ ճանապարհով, այդ իսկ պատճառով Ատրպէյճանը պէտք է հանդէս գայ որպէս վստահելի գործընկեր: Այսօր, սակայն, միջազգային հանրութիւնը ղարաբաղեան խնդրի լուծման հարցով Ատրպէյճանին չի վստահիր», – նշած էր Ինսանովը:
1993-էն մինչեւ 2005 թուականը Ատրպէյճանի առողջապահութեան նախարարի պաշտօնը զբաղցուցած Ինսանովը ծնունդով Բագրատաշէնէն է: Հէյտար Ալիեւի իշխանութեան տարիներուն ան կը համարուէր Հայաստանէն սերող ատրպէյճանցիներու ոչ պաշտօնական առաջնորդը: «Ամերիկայի ձայն»-ին տուած հարցազրոյցին մէջ Ինսանովը նոյնիսկ չէր թաքցներ, որ մինչ օրս հայերէնը չէ մոռցած:
«Հայերը այսպիսի ասացուածք մը ունին`«Ուր հաց, հոն կաց»: Այդ կը նշանակէ, որ մենք Ղարաբաղի հայերուն համար այնպիսի պայմաններ պէտք է ստեղծենք, այնպիսի բաց, ժողովրդավարական հասարակութիւն պէտք է կառուցենք, որ Ղարաբաղի մէջ բնակող մեր հայազգի քաղաքացիները իրենք ուզեն մնալ Ատրպէյճանի կազմին մէջ», – յայտարարած էր Ալի Ինսանովը:
Ատրպէյճանցի գործիչը նաեւ հերքած է իրեն յաճախ հասցէագրուող այն մեղադրանքը, թէ պաշտօնավարման ընթացքին հովանաւորած է բացառապէս Հայաստանի մէջ ծնած ատրպէյճանցիները` ձեւաւորելով այսպէս կոչուած «Հայաստանեան կլանը»:
«Ես երբեք չեմ թաքցրեր, որ ծնունդով հայաստանցի եմ: Որեւէ մէկը պէտք չէ թաքցնէ իր ծագումը: Բայց իմ շուրջ միայն հայաստանցիներ չէ, որ հաւաքուած էին: Կային բաքուեցիներ, Լենքորանի մէջ ծնածներ: Ես նպաստած եմ շուրջ 50 գիտնականներու մասնագիտական աճին, որոնցմէ միայն հինգը կամ վեցը Հայաստանէն էին», – նշած էր Ատրպէյճանի առողջապահութեան նախկին նախարար Ալի Ինսանովը ազատութեան մէջ գտնուելէ ետք տուած առաջին հարցազրոյցին ժամանակ: