Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովը եւ գլխաւոր շտապի պետ Նաճմատտին Սատիխովը ընդունած են աշխատանքային այցով Պաքու գտնուող պելառուսական ռազմական գերատեսչութեան պատուիրակութիւնը՝ պաշտպանութեան փոխնախարար Օլէկ Պելոքոնեւի գլխաւորութեամբ:
Կողմերը քննարկած են Ատրպէյճանի զինուած ուժերու մարտունակութիւնը ամրապնդելուն ուղղուած պելառուսական սպառազինութեան ապահովման նոր խոշոր նախագիծեր:
«Վստահ ենք, որ Պելառուսը պիտի շարունակէ յետագային ալ աջակցիլ Ատրպէյճանի արդարացի դիրքորոշման հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան վերաբերեալ», – յայտարարած է Սատիխովը:
Պելոքոնեւը իր հերթին ընդգծած է, որ Մինսքը կ’աջակցի Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան, Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնական հաղորդագրութիւնը կը մէջբերեն տեղական լրատուամիջոցները:
Հաւաքական անվտանգութեան մասին Պայմանագրի կազմակերպութեան ( ՀԱՊԿ) կազմին մէջ Հայաստանի դաշնակից Պելառուսիան Ատրպէյճանին սպառազինութիւն վաճառող հիմնական երկիրներէն է: Անցեալ տարի Մինսքը Ատրպէյճանին վաճառած է «Полонез» տեսակի համազարկային կրակի համակարգեր, Մինսքն ու Պաքուն նաեւ պայմանաւորուած են սպառազինութեան առքուվաճառքի մասին նոր համաձայնագիր կնքել: