Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Էրտողանի «Զզուելի» Խօսքերը Ու Հայաստանի Վճռական Կեցուածքը

Էրտողանի «Զզուելի» Խօսքերը Ու Հայաստանի Վճռական Կեցուածքը

by MassisPost

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան վերջին օրերուն հանդէս եկաւ մէկէ աւելի յայտարարութիւններով, որոնք բացայայտ ատելութեամբ լեցուած էին Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին հանդէպ:

Տարի մը առաջ Հայ ժողովուրդին ցաւակցութիւն յայտնող Էրտողանը, տեղահանումի ու ջարդի ենթարկուած հայերը կը բնութագրէր որպէս «հայկական հրոսակախումբեր եւ անոնց կողմնակիցներ» ու կ՛աւելցնէր որ «Հայերու տեղահանութիւնը ոչ ցեղասպանութիւն էր, ոչ ալ մեծ աղէտ»:

Հայաստան չուշացաւ վճռականօրէն ու ամենէն բարձր մակարդակով հակազդելու Էրտողանին: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Թուրքիոյ նախագահի այս խօսքերը նկատեց արդարացում՝ գործադրուած Ցեղասպանութեան: ՀՀ Արտաքին Գործոց նախարարութիւնը պաշտօնական յայտարարութեամբ մը եկաւ յայտնելու թէ Թուրք ղեկավարի խօսքերը վիրաւորանք են Ցեղասպանութեան զոհերուն ու անոնց իրաւայաջորդներուն, միաժամանակ կոչ ընելով միջազգային հանրութեան դատապարտելու Էրտողանի անմարդակային արտայայտութիւնները:

Էրտողան իշխանութեան եկաւ կրօնական կարգախօսերով ու յաջողեցաւ այդ ալիքի եւ տնտեսական գետնի վրայ արձանագրուած յաջողութիւններուն շնորհիւ 2003 թուականէն ասդին մնալ իշխանութեան վրայ՝ նախ որպէս վարչապետ ապա դառնալով նախագահ: Ներկայիս Թուրքիոյ տնտեսութիւնը կը գտնուի քայքայման եզրին ու Էրտողանի ժողովրդականութիւնը անկումի մէջ է: Կրօնամոլ խաւերու ձայները այլեւս բաւարարեն չեն զինք աթոռին պահելու համար, ինչպէս ցոյց տուին մայրաքաղաք Անգարայի եւ երկրի ամենէն կարեւոր քաղաքը հանդիսացող Իսթանպուլի մէջ անոր պաշտպանած թեկնածուներու կրած վերջին պարտութիւնները:

Ըստ երեւոյթին Էրտողան որոշած է նաեւ խաղալ ազգայնական լարին վրայ, որպէս թիրախ ընտրելով Հայութիւնը, յուսալով որ այդպիսով պիտի սիրաշահի երկրի ազգայնամոլ տարրերը:

Էրտողան իր այս կեցուածքով ինքզինք ու Թուրքիան դրաւ պատմական ծանր պատասխանատուութեան մը առջեւ:
Այս առթիւ պէտք է փոխ առնել Ամերիկեան Գոնկրէսէն ներս Հայկական Համախմբումի համանախագահ Ֆրէնք Փալոնի խօսքը, որ կու գար Թուրքիոյ նախագահի արտայայտութիւնները կոչելու «զզուելի»:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment