Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Գուրգէն Եանիքեանի Մասունքները Բերուած են Երեւան

Գուրգէն Եանիքեանի Մասունքները Բերուած են Երեւան

by MassisPost

Հայաստանի ազատագրութեան հայ գաղտնի բանակի (ԱՍԱԼԱ) հոգեհայր Գուրգէն Եանիքեանի մասունքները բերուած են Երեւան: Այս մասին յայտնած են «Հայկական ժողովրդային շարժման» գրասենեակէն:

Եանիքեանի վերջին հանգստավայրը պիտի ըլլայ Եռաբլուրի մէջ, Հայաստանի ազատագրութեան հայ գաղտնի բանակի (ՀԱՀԳԲ) յուշահամալիրի տարածքին մէջ, ուր արդէն առկայ է հերոսի խորհրդանշական տապանաքարը:

«Հերոսի մասունքներու յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի՝ 5 Մայիսին, ժամը 15։00-ին: Թաղման կարգը անձնապէս պիտի կատարէ Մայր Աթոռի երիցագոյն միաբան Ոսկան արքեպիսկոպոս Գալփակեանը»,- յայտնած են գրասենեակէն։

Հայ ազատագրական պայքարի հերոս, գրող, ճարտարագէտ Գուրգէն Եանիքեանը ծնած է 1895-ին, Էրզրում (Արեւմտեան Հայաստան): Հայոց ցեղասպանութեան ականատես Եանիքեանը 27 Յունուար 1973-ին, 78 տարեկանին, ԱՄՆ Սանթա Պարպարա քաղաքին մէջ գնդակահարած է Թուրքիոյ հիւպատոսը ու անոր օգնականը, ինչէն ետք ինքնակամ ներկայացած է ԱՄՆ իրաւապահ մարմիններուն եւ դատարանին մէջ խիզախօրէն պաշտպանած է հայոց ոտնահարուած իրաւունքներու հարցը։

Եանիքեանը 2 Յունիս 1973-ին ցմահ բանտարկութեան դատապարտուած է։ 10 Փետրուար 1984-ին, վատառողջ եւ ֆիզիկապէս տկարացած, բանտէն փոխադրուած է հիւանդանոց եւ 17 օր ետք, 27 Փետրուարին մահացած է հիւանդանոցին մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment