Home Uncategorized Կարօ Փայլան Թուրքիոյ Պետական Արխիւին Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Փաստաթուղթերու Վերաբերեալ Բացատրութիւն Պահանջած է Էրտողանի Օգնականէն

Կարօ Փայլան Թուրքիոյ Պետական Արխիւին Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Փաստաթուղթերու Վերաբերեալ Բացատրութիւն Պահանջած է Էրտողանի Օգնականէն

by MassisPost

Թուրքիոյ Հանրապետութեան խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլանը Պետական արխիւին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան մասին փաստաթուղթերու առկայութեան վերաբերեալ հարցում ուղղած է նախագահ Ռեճէպ Էրտողանի օգնական Ֆուատ Օքթային: «Արմէնբրես»-ը հարցումը ներկայացուցած է ամբողջութեամբ:

«Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահի օգնական Ֆուատ Օքթային յղած ենք հետեւեալ հարցումը` պատասխանի պահանջով.

Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի` Հայոց Մեծ Եղեռնի 104-րդ տարելիցի առթիւ 24 Ապրիլ 2019-ի  յայտարարութեան մէջ նշուած է. «Մեր արխիւներու դռները բաց են բոլոր անոնց առջեւ, որոնց նպատակն է բացայայտել ճշմարտութիւնը: Մենք գաղտնիք չունինք»: Այսպիսով, շեշտելով, թէ բոլոր պետական արխիւները բաց են բոլոր ուսումնասիրողներուն առջեւ:

Ուստի, կը հարցնենք` հայ ժողովուրդի նկատմամբ գործած մարդկային յանցագործութիւններու ոճրագործները դատելու նպատակով 1919-1922 թուականներուն գործած Պատերազմական ատեանի ատենագրութիւններու ճակատագիրը: Ուսումնասիրողները կը յայտնեն, թէ յիշեալ ատենագրութիւնները հասանելի չեն իրենց:

Պատերազմական ատեանի ատենագրութիւնները պետական արխիւին մէջ չե՞ն գտնուիր: Յիշեալ ատենագրութիւնները առաջին անգամ ե՞րբ արխիւ մուտքագրուած են: Ատենագրութիւններու տուեալները վերջին անգամ ե՞րբ եւ ո՞ր արխիւի գրացուցակի վրայ էին: Ո՞ւր են եւ ո՞ր արխիւի մէջ պահուած են այս ատենագրութիւնները, եթէ իրականութեան չեն համապատասխաներ բնագրերու բացակայութեան կամ անոնց անհասանելիութեան վերաբերեալ պնդումները: Ուսումնասիրողները, որոնք «կ’ուզեն բացայայտել ճշմարտութիւնը», ի՞նչ միջոցով պէտք է կարողանան հասնիլ այդ ատենագրութիւններուն»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Կարօ Փայլանի Կոչը Թուրքիոյ Խորհրդարանին
Աւելի վաղ Կարօ Փայլան Թուրքիոյ  խորհրդարանին կոչ ըրած է  Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ խորհրդարանական քննութիւն իրականացնելու:

«24 Ապրիլ 1915-ին, Օսմանեան կայսրութեան մայրաքաղաք Պոլսոյ բնակիչ քաղաքագէտներ, գրողներ, բանաստեղծներ, լրագրողներ, մանկավարժներ, գիտնականներ, բանասէրներ եւ բազմաթիւ հայ մտաւորականներ ձերբակալուեցան։ Անոնք նախ աքսորուեցան Այաշ ու Չանղըրը եւ ապա մեծամասնութիւնը սպաննուեցաւ։

Թէեւ 1915-ի կորուստները անկարելի է վերադարձնել, սակայն միասնաբար ապրելու տեսակէտէ արժէքաւոր է հասարակաց յիշողութենէ ներս ստեղծուած ցաւերը ընդունիլ եւ աշխատիլ զիրար առողջացնելու ուղղութեամբ։

Խորհրդարանը պէտք է վերականգնէ իրաւունքները ու պէտք է ապրեցնէ յիշատակը այն մտաւորականներուն, որոնք կ՚աշխատէին յանուն օսմանեան եւ հայ ժողովուրդներու լուսաւորութեան, ոտքի կը պահէին կրթական հաստատութիւնները, կը գրէին, կ՚արտադրէին, կը մտածէին եւ որոնք սակայն սպաննուեցան այս հողերուն վրայ։

24 ապրիլ 1915-ը ողջ աշխարհի կողմէ ընդունուած է որպէս Հայոց ցեղասպանութեան սկզբնաւորութեան թուականը։

Հայոց ցեղասպանութիւնը եղած է աշխարհի տասնեակ խորհրդարաններու քննարկման նիւթը, սակայն երբեք չէ քննարկուած Թուրքիոյ խորհրդարանէն ներս։ Մինչդեռ խորհրդարանը, ուր պէտք է խօսուի մեծ աղէտին մասին, աղէտին պատահած երկրին խորհրդարանն է։ Այսինքն՝ Թուրքիոյ խորհրդարանը։

Աշխարհասփիւռ թուրքիացի հայեր 104 տարիէ ի վեր արդարութիւն կը պահանջեն։ Արդարութիւնը կարելի է վերականգնել միայն Թուրքիոյ ժողովուրդներու խղճին մէջ ու Թուրքիոյ խորհրդարանէն ներս։ Խորհրդարանը, որ պէտք է քննարկէ հայ ժողովուրդը պատուհասած մեծ աղէտը, նախեւառաջ պէտք է ըլլայ Թուրքիոյ խորհրդարանը։ Այս ուղղութեամբ կը պահանջենք խորհրդարանական քննութիւն մը»,-ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment