Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ատրպէյճանը Բողոքի Գիր Յղած է Ուրուկուայ Մասիս Մայիլեանի Այցի Կապակցութեամբ

Ատրպէյճանը Բողոքի Գիր Յղած է Ուրուկուայ Մասիս Մայիլեանի Այցի Կապակցութեամբ

by MassisPost

Պաշտօնական Պաքուն բողոքի գիր յղած է Ուրուկուայի կառավարութեան՝ այդ երկրին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտօնական պատուիրակութիւնը հիւրընկալելու կապակցութեամբ, կը փոխանցէ «Ինթըրֆաքս» լրատուական գործակալութեան ատրպէյճանական ծառայութիւնը:

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը յայտնած է, որ յառաջիկային Ուրուկուայի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանը մտադիր է հարցը քննարկել կառավարութեան ներկայացուցիչներուն հետ:

Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Ուրուկուայ  մեկնած է շաբաթասկիզբին: Ըստ պաշտօնական հաղորդումներու՝ նախարար Մայիլեանը հանդիպած է Ուրուկուայի փոխնախագահ, խորհրդարանի նախագահ Լուսիա Թոփոլանսքիի հետ, հիւրընկալուած է երկրի նախկին նախագահ, իշխող քաղաքական դաշինքի առաջնորդներէն՝ Խոսէ Մուխիքայի տան մէջ, քննարկումներ ունեցած է Ուրուկուայի իրաւապաշտպան շրջանակներու հետ: Արցախի արտաքին գործոց նախարարը նաեւ ելոյթ ունեցած է Հայոց ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցին նուիրուած մայրաքաղաք Մոնթէվիտէոյի մէջ կազմակերպուած միջոցառման ժամանակ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment