Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պիլսոյ Մէջ Թուրք Ոստիկանները Արգիլած Են Ցեղասպանութեան Նուիրուած Միջոցառումը

Պիլսոյ Մէջ Թուրք Ոստիկանները Արգիլած Են Ցեղասպանութեան Նուիրուած Միջոցառումը

by MassisPost

Թուրքիոյ ոստիկանութիւնը Պոլսոյ Սուլթանահմէտ հրապարակին վրայ երկրորդ տարին ըլլաով կ’արգիլէ Հայոց ցեղասպանութեան տարելիցին նուիրուած միջոցառման իրականացումը: Այս մասին կը յայտնէ Bianet.org-ը:

Միջոցառման իրականացումը թոյլ տալու վերաբերեալ Մարդու իրաւունքներու ընկերութեան համանախագահ Էրէն Քեսքինի բանակցութիւնները ոստիկանութեան հետ ապարդիւն անցած են, ինչի հետեւանքով ներկաները ստիպուած եղած են հաւաքուիլ Պէյօղլու թաղամասին մէջ Մարդու իրաւունքներու ընկերութեան գրասենեակին առջեւ: Քեքսինը նշած է, որ իրենք խստօրէն կը դատապարտեն միջոցառման իրականացման դէմ իրաւապահ համակարգի գործողութիւնները:

Քրտամէտ Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան անդամ, խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը նշած է, որ Սուլթանահմէտի հրապարակին վրայ նախատեսուած միջոցառման չեղարկումը Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութեան նահանջի հերթական ապացոյցն է:

«Ցանկացած յանցանք, որ դատապարտուած չէ, կը կրկնուի, եւ, ցաւօք, այս յանցանքը եւս այսօր կրկնութիւն կը ստանայ: Այն բռնութիւնները, որոնք 104 տարի առաջ գործադրուած են հայերու նկատմամբ, այսօր կ’իրականացուին ընդդէմ քիւրտերու»,- ըսած է Փայլան: Ան պահանջած է առերեսուիլ պատմական իրողութեան հետ՝ խոստանալով շարունակել պայքարը յանուն իրաւունքներու ու օրէնքներու պաշտպանութեան:

Սուլթանահմէտի հրապարակին վրայ նախատեսուած միջոցառումը կազմակերպած էին Պոլսոյ Մարդու իրաւունքներու ընկերութիւնը ու Ցեղապաշտութեան եւ խտրականութեան դէմ պայքարի յանձնաժողովը:

Նախորդ տարի եւս Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի միջոցառումը իրաւապահներու կողմէ չեղեալ համարուած էր: Աւելին, որոշ մասնակիցներու ձեռքէն խլուած էին «ցեղասպանութիւն» եզրոյթը պարունակող պաստառները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment