Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նախագահ Թրամփ Կրկին Օգտագործեց «Մեծ Եղեռն» Եզրոյթը

Նախագահ Թրամփ Կրկին Օգտագործեց «Մեծ Եղեռն» Եզրոյթը

by MassisPost

Ապրիլ 24-ին Սպիտակ Տունը տարածեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանոլտ Թրամփի յայտարարութիւն Հայոց ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցին առթիւ: Ինչպէս իր նախորդները՝ Թրամփ եւս չօգտագործեց «ցեղասպանութիւն» բառը ու բաւարարուեցաւ «Մեծ Եղեռն» եզրոյթով:

Յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս նշուած է.

«Այսօր մենք կ՛ոգեկոչենք Մեծ Եղեռնն ու բոլոր անոնց յիշատակը, որոնք տառապած են 20-րդ դարու ամենասարսափելի զանգուածային կոտորածներու պատճառով: 1915 թուականէն սկսեալ՝ Օսմանեան կայսրութեան վերջին տարիներուն մէկ ու կէս միլիոն հայեր աքսորուեցան, սպանուեցան կամ մահուան երթի դուրս եկան:

Յիշատակի այս օրը մենք կրկին կը միանանք Ամերիկայի ու ողջ աշխարհի հայ համայնքին՝ սգալով բոլոր անոնց համար, որոնք կորսնցուցին իրենց կեանքը:

Այս օրը մենք նաեւ կը յիշենք ու ճանչնանք բոլոր անոնց աշխատանքը, որոնք փորձեցին վերջ տալ բռնութեան, ինչպէս նաեւ անոնց, որոնք ձգտեցան վստահեցնել, որ նմանօրինակ կոտորածներ այլեւս երբեք պիտի չկրկնուին, ինչպէս իրաւապաշտպան եւ իրաւաբան Ռաֆայէլ Լեմքինը: Մենք կը յիշենք նպաստները այն մեծահոգի ամերիկացիներուն, որոնք օգնեցին փրկելու կեանքեր եւ վերակառուցելու հայկական համայնքները: Յիշելով բոլոր անոնց, որոնք տառապեցան, մենք նաեւ կ՛ոգեշնչուինք այն քաջ եւ տոկուն հայերէն, որոնք ի յեճուկս հսկայական դժուարութիւններու, կառուցեցին առոյգ համայնքներ ողջ աշխարհի մէջ, այդ շարքին եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ:

Մենք կը խոստանանք սորվիլ նախկին ողբերգութիւններէն, որպէսզի չկրկնենք անոնք: Մենք կ՛ողջունենք հայերու ու թուրքերու ջանքերը՝ ճանչնալու եւ հաշուի առնելու իրենց ցաւալի պատմութիւնը: Մենք կը կանգնինք հայ ժողովուրդի կողքին՝ յիշելու Մեծ Եղեռնի ընթացքին կորսուած կեանքերն ու վերահաստատելու աւելի խաղաղ աշխարհ կառուցելու մեր յանձնառութիւնը»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment