Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Շատ Կարեւոր է Ունենալ Տեղական Օդանաւային Ընկերութիւն. Փաշինեան

Շատ Կարեւոր է Ունենալ Տեղական Օդանաւային Ընկերութիւն. Փաշինեան

by MassisPost

Հայաստանի մէջ տեղական  օդանաւային ունենալը ռազմավարական նշանակութեան հարց է, սակայն կառավարութիւնը չի պատրաստուիր ստեղծել օդանաւային ընկերութիւն ու անոր տալ ազգային   օդանաւային  ընկերութեան կարգավիճակ: «Արմէնբրես»-ի հաղորդմամբ՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը այս մասին խօսած է Երեւանի պետական համալսարանի (ԵՊՀ) Տնտեսագիտութեան եւ կառավարման բաժնի ուսանողներու ու փրոֆեսորադասախօսական կազմի հետ հանդիպման:

«Մենք աշխոյժ աշխատանքներ ենք իրականացնում, սակայն մեր տեսակէտն այն չէ, թէ կառավարութիւնը պէտք է օդանաւային ընկերութիւն ստեղծի եւ ազգային փոխադրողի կարգավիճակ տայ դրան: Մենք քննարկումների մէջ ենք «Զուարթնոց» եւ «Շիրակ» օդանաւակայնների կառավարումը ստանձնած ընկերութեան հետ, փորձում ենք համատեղ հասկանալ, թէ որտեղ ինչ խնդիրներ ունենք: Մենք նաեւ ուշադիր ուսումնասիրում ենք կառավարութեան այն որոշումը, որով հռչակուել է բաց երկնքի քաղաքականութիւն: Եւ փորձում ենք հասկանալ, թէ այն որքանով է համապատասխանում այսօրուայ մեր պահանջներին ու ապագայի կարիքներին»,-ըսած է վարչապետը:

Ան նաեւ նշած է, որ կը փորձեն նաեւ վերլուծել, թէ այլ գործընկերներու հետ յարաբերութիւնները որքանով կը համապատասխանեն օդանաւային միջազգային կազմակերպութեան (ICAO) կողմէ սահմանուած չափանիշերուն: Կան տեսակէտներ, թէ երեք կէտերու մէջ բաւարար կերպով հաշուի առնուած չեն մեր ազգային ու պետական շահերը:

«Պէտք է հաւասարակշռուած քայլերով գնանք առաջ, որպէսզի ցնցումներ չառաջացնենք: Սակայն միւս կողմից ես համաձայն եմ, որ տեղական      քաղաքական  օդանաւային    ընկերութիւն ունենալը ռազմավարական նշանակութեան հարց է: Սակայն մեր քաղաքականութիւնն այն չէ, որ ինչ-որ ընկերութեան մենաշնորհի դիրք տանք: Եթէ մենք տեղական փոխադրողի համար պայմաններ ենք ստեղծում, պէտք է ստեղծենք բոլոր տեղական փոխադրողների համար, որպէսզի այդ դաշտում նոր ընկերութիւններ ի յայտ գան»,-եզրափակած է Փաշինեանը:

Խօսելով տնտեսական յեղափոխութեան մասին վարչապետ Փաշինեանը շեշտադրած է, որ Հայաստանը պէտք է վերածուի բարձր արհեստագիտական երկրի, եւ արհեստագիտութիւնները պէտք է դառնան երկրի տնտեսութեան շարժիչ ուժը: Յառաջիկայ տասը տարիներու ընթացքին երկրի 10-20 խոշոր ձեռնարկութիւնները պէտք է ըլլան արհեստագիտութիւնները՝ ի տարբերութիւն այսօրուան, երբ խոշոր հարկատուները բնական կամ ոչ բնական մենաշնորհի տիրոյթի մէջ կը գործեն կամ՝ հանքարդիւնաբերութեան ոլորտի:

«Մենք Հայաստանը պատկերացնում ենք որպէս բարձր որակաւորմամբ աշխատուժով երկիր: Հայաստանը պէտք է դուրս գայ ցածր որակաւորմամբ աշխատուժով երկրի կարգավիճակից: Տնտեսական յեղափոխութեան յաջորդ շղթան էլ լինելու է կրթական համակարգը, որը պէտք է ի վիճակի լինի ապահովել Հայաստանի Հանրապետութեան ուսանողներին բարձր որակաւորմամբ: Այն պահին, երբ նրանք կը լքեն բուհը, պէտք է ունենան բարձր որակաւորմամբ մասնագէտի կարգավիճակ: Գիտական աշխատանքը պէտք է կրթութեան համակարգում մեծ տեղ զբաղեցնի»,-ըսած է վարչապետը՝ այս նպատակին հասնելու համար մեծապէս կարեւորելով կրթական բարեփոխումները:

Հանդիպման մասնակցած են նաեւ ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Տիգրան Խաչատրեանը, Ելեւմուտքի նախարար Ատոմ Ջանջուղազեանը, Կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment