Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Մարտ 1-ի 10 Զոհերու Իրաւայաջորդներէն Բացի, Աջակցութիւն Պիտի Տրամադրուի Ծանր Վնասուածք Ստացած 63 Հոգիի

Մարտ 1-ի 10 Զոհերու Իրաւայաջորդներէն Բացի, Աջակցութիւն Պիտի Տրամադրուի Ծանր Վնասուածք Ստացած 63 Հոգիի

by MassisPost

Ազգային ժողով քննարկման ներկայացուած է «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Ալեն Սիմոնեանի եւ Լենա Նազարեանի կողմէն հեղինակած «2008 թուականի Մարտ 1-էն 2-ը Երեւան քաղաքի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններու ժամանակ տուժած անձանց աջակցութեան մասին» օրէնքի նախագիծը։

Ըստ հիմնական զեկուցող ԱԺ փոխնախագահ Լենա Նազարեանի, աջակցութիւն ստանալու իրաւունք ունի նշուած գործողութիւններու ժամանակ ստացած վնասուածքի պատճառով զոհուած (մահացած) անձի՝ ՀՀ քրէական դատավարութեան օրէնսգրքով նախատեսուած կարգով իրաւայաջորդի կարգավիճակ ունեցող անձը, ինչպէս նաեւ այն անձը, որուն առողջութեան նշուած գործողութիւններու ժամանակ պատճառուած է ծանր կամ միջին ծանրութեան վնաս:

«Ցաւօք պէտք է արձանագրեմ, որ նախկին իշխանութեան կողմից ոչ բոլոր տուժածներն են ընկալուել որպէս տուժած։ Հարցումների ի պատասխան պատկան մարմիններից ստացել եմ տեղեկանք, որտեղ պարզ երեւում է անարդար մօտեցումը։ Որոշ տուժածների տրուել է ֆինանսական աջակցութիւն, այն դէպքում, երբ միւս տուժածները ստացել են զրօ դրամ, դրանով իսկ տուժածներին բաժանելով իւրայինների եւ օտարների»,- ըսած է ան։

«Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գէորգ Գորգիսեանը Լենա Նազարեանէն հետաքրքրուած է, թէ ինչպէս պիտի որոշեն, թէ տուժածներէն որո՞ւն աջակցութիւն պիտի տրամադրեն եւ ի՞նչ կարգի փոխհատուցման մասին է խօսքը, որ այն սիմպոլիք գումարի չվերածուի։

«Նշուած գործողութիւնների ժամանակ ստացած վնասուածքի պատճառով զոհուած անձի՝ ՀՀ քրէական դատավարութեան օրէնսգրքով նախատեսուած կարգով իրաւայաջորդի կարգավիճակ ունեցող անձին, ինչպէս նաեւ այն անձին, որի առողջութեանը նշուած գործողութիւնների ժամանակ պատճառուել է ծանր կամ միջին ծանրութեան վնաս։ Այսինքն՝  տուժածների շրջանակը նախագծով սահմանուած է եւ յստակ է։ Նաեւ ստացել ենք ՅՔԾ-ից տեղեկանք, որ ծանր եւ միջին ծանրութեան աստիճանի մարմնական վնասուածքներ ստացել է 63 անձ, այսինքն` նրանց ինքնութիւնը պարզ է»,- ներկայացուցած է Նազարեանը։

Ինչ կը վերաբերի գումարի չափին, ան ըսած է, որ այս պահին չի կրնար ըսել եւ աջակցութեան տրամադրման ձեւն ալ կրնայ միայն նիւթական չըլլալ. «Կառավարութիւնում հենց վաղուանից քննարկուելու է այս հարցը»։

ԱԺ փոխնախագահը աւելցուցած է, որ աջակցութեան տրամադրման հիմքը պիտի ըլլայ դատաբժշկական եզրակացութիւնը, որ պէտք է նախապէս ներկայացուած ըլլայ։

 

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment