Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Միհրան Պօղոսեանի Դէմ Մեղադրանք Ներկայացուած է, Անոր Նկատմամբ Հետախուզում Յայտարարուած է

Միհրան Պօղոսեանի Դէմ Մեղադրանք Ներկայացուած է, Անոր Նկատմամբ Հետախուզում Յայտարարուած է

by MassisPost

Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) նախկին պատգամաւոր, Դատական աքթերի հարկադիր կատարման (ԴԱՀԿ) ծառայութեան նախկին ղեկավար Միհրան Պօղոսեանը օֆշորի գործով ներգրաւուած է որպէս մեղադրեալ, «Ազատութեան» փոխանցած է Յատուկ քննչական ծառայութեան (ՅՔԾ) խօսնակ Մարինա Օհանջանեանը։

Ըստ ՅՔԾ-ի Պօղոսեանին մեղադրանք առաջադրուած է այն արարքներու համար, որ ան, օգտագործելով պաշտօնէական դիրքը, վատնման եղանակով առանձնապէս խոշոր չափերով գոյք յափշտակած է եւ չարաշահած է իր պաշտօնէական լիազօրութիւնները, ինչը առաջացուցած է ծանր հետեւանքներ:

Ըստ մեղադրանքի, Միհրան Պօղոսեանը, 11 Յունուար 2008-էն զբաղեցնելով Դատական աքթերու գլխաւոր հարկադիր կատարողի պաշտօնը, իր անձնական անվտանգութիւնը ապահովող անձին նշանակած է ԴԱՀԿ ծառայութեան կեդրոնական մարմնի հարկադիր կատարման բաժնի առաջին կարգի խորհրդատու, իսկ անձնական վարորդին` նոյն բաժնի առաջատար խորհրդատուի պաշտօնին: Անոնք փաստացի աշխատանքի չեն յաճախած եւ համապատասխան պարտականութիւններ չեն իրականացուցած, այլ կատարած են Միհրան Պօղոսեանի անձնական բնոյթի յանձնարարութիւնները, սակայն վերջինիս յանձնարարութեամբ ստացած են աշխատավարձ, ընդհանուր՝ 44,19,463  դրամի չափով:

« Բացի այդ, Միհրան Պօղոսեանը, իր պաշտօնէական դիրքը ծառայութեան շահերին հակառակ օգտագործելով, շահադիտական դրդումներով, օրէնքով եւ կառավարութեան որոշումներով նախատեսուած պահանջների խախտմամբ, ապրանքներ ձեռք բերելու եւ ծառայութիւնների մատուցման պայմանագրեր է կնքել վստահելի անձանց միջոցով իր կողմից կառավարուող, ձեռնարկատիրական գործունէութիւն իրականացնող կազմակերպութիւնների հետ», – ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

«Աւելին, 2011-ին Միհրան Պօղոսեանը օտարերկրեայ քաղաքացիների միջոցով Փանամայի Հանրապետութիւնում հիմնադրել է ձեռնարկատիրական գործունէութիւն իրականացնող «Հոփքինթըն թրեյտինկ ինքորփորէյթըտ» եւ «Սիկթըմ ռիլ եսթեյթ ինքորփորէյթըտ» ընկերութիւնները, իսկ նոյն տարուայ Հոկտեմբեր ամսին նրա անմիջական մասնակցութեամբ ընկերութիւնների օտարերկրացի տնօրէնների փոխարէն համապատասխան պաշտօններում նշանակուել են Միհրան Պօղոսեանի մտերիմ անձինք: Այնուհետեւ Միհրան Պօղոսեանը վստահուած անձանց միջոցով մասնակցել է Փանամայի օֆշորային գօտում գրանցուած վերոյիշեալ կազմակերպութիւնների կառավարմանը, ինչի արդիւնքում վերջիններս Հայաստանում հիմնադրել են այլ ընկերութիւններ, այդ թւում՝ «Պեսթ ռեալթի» ՍՊԸ-ն», – ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Միհրան Պօղոսեանը,ըստ ՅՔԾ-ի, ի պաշտօնէ արտօնութիւններ եւ առաւելութիւններ տրամադրելու եղանակով հովանաւորելով նշուած կազմակերպութիւնը, 17 Ապրիլ  2014-ին փաստացի իր կողմէն կառավարուող «Պեսթ ռեալթի» ՍՊ ընկերութեան հետ կնքած է անշարժ եւ շարժական գոյքի գնահատման պայմանագիր, որու հիման վրայ ընկերութիւնը 2014-2016 թուականներուն անշարժ եւ շարժական գոյքի գնահատման ծառայութիւններ մատուցած է ԴԱՀԿ ծառայութեան` Միհրան Պօղոսեանի հովանաւորչութեամբ կատարելով գոյքի գնահատումներու գերակշիռ մասը, որուն հետեւանքով ՀՀ պետական պիւտճէի՝ հարկադիր կատարման ծառայութեան յատկացուած միջոցներէն վերոյիշեալ ժամանակահատուածին նշուած կազմակերպութեան վճարուած է 43.890.000 ՀՀ դրամ գումար:

Ծառայութիւնը կը նշէ, որ 13.04.2019-ին ՀՀ Յատուկ քննչական ծառայութեան քննիչի կողմէն միջնորդութիւն ներկայացուած է Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարան` Միհրան Պօղոսեանի նկատմամբ կալանաւորումը որպէս խափանման միջոց ընտրելու համար: Անոր նկատմամբ յայտարարուած է հետախուզում:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment