Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փայլան․ Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցը Պէտք է Բերել Թուրքիոյ Խորհրդարանի Օրակարգ

Փայլան․ Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցը Պէտք է Բերել Թուրքիոյ Խորհրդարանի Օրակարգ

by MassisPost

Թուրքիոյ խորհրդարանի Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլան անդրադարձած է Իտալիոյ Պատգամաւորներու պալատի կողմէն Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ ընդունուած բանաձեւին եւ անոր յաջորդած Անգարայի խիստ արձագանգին:

Իր թուիթըրեան էջին Փայլան գրած է, որ Ցեղասպանութեան հարցը անհրաժեշտ է դարձնել Թուրքիոյ խորհրդարանի քննարկման առարկան․ – «Որպէսզի Հայոց ցեղասպանութիւնը այլեւս չըլլայ Իտալիոյ, Ֆրանսայի, ԱՄՆ-ի խորհրդարաններու թեմայ, այն պէտք է բերել Թուրքիոյ խորհրդարանի օրակարգ՝ երկրի մը, ուր տեղի ունեցած է այդ ոճիրը»:

Հայազգի պատգամաւորը համոզմունք յայտնած է, որ հայ ժողովուրդի վէրքը կրնայ ամոքել միայն Թուրքիոյ մէջ հաստատուած արդարութիւնը: «Անատոլիայի հայերը 104 տարի է արդարութեան կը սպասեն», – գրած է Փայլան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment