Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԵԽԽՎ-ն Ատրպէյճանի եւ Եւրոպական Երկիրներու մէջ Կաշառակերութեան եւ Փողերու Լուացման Մասին Բանաձեւ Ընդունած է

ԵԽԽՎ-ն Ատրպէյճանի եւ Եւրոպական Երկիրներու մէջ Կաշառակերութեան եւ Փողերու Լուացման Մասին Բանաձեւ Ընդունած է

by MassisPost

Եւրոպայի խորհրդի Խորհրդարանական վեհաժողովը (ԵԽԽՎ) Ատրպէյճանի եւ եւրոպական երկիրներու մէջ կաշառակերութեան եւ փողերու լուացման մասին բանաձեւ ընդունած է:

«Լուացքատուն. ի պատասխան կազմակերպուած յանցագործութեան, կաշառակերութեան եւ փողերու լուացման դէմ միջազգային պայքարի հարցով ստեղծուած նոր մարտահրաւէրներու» վերտառութեամբ զեկոյցը հեղինակած է հոլանտացի պատգամաւոր Մարթ վան տե Վենը:

Փաստաթուղթին մէջ նշուած է, որ Եւրոպայի խորհուրդը անհանգստացած է «ատրպէյճանական լուացքատան» զեկոյցով, ուր կը խօսուի խոշոր գումարներու լուացման, Ատրպէյճանի ներկայացուցիչներու կողմէ եւրոպացի գործիչները եւ պատգամաւորները կաշառելու մասին: «Այն եղած է Ատրպէյճանի իշխանութիւններու շահերը Եւրոպայի խորհուրդին մէջ առաջ մղելու նպատակով», – նաեւ ըսուած է ԵԽԽՎ-ի կողմէ նախօրէին ընդունուած բանաձեւին մէջ:

Զեկոյցին մէջ նշուած է, որ ԵԽԽՎ-ը խորապէս մտահոգուած է այդ նպատակներու համար Ատրպէյճանէն դուրս բերուած շուրջ 3 միլիառ տոլարի կապակցութեամբ:

Փաստաթուղթի հեղինակի համոզմամբ՝ Ատրպէյճանի մէջ փտածութեան պատճառներէն մէկը անկախ քաղաքացիական հասարակութեան, լրատուամիջոցներու գործունէութիւնը կասեցնելն է, որոնք վերահսկիչ դեր կրնան ունենալ յանցաւոր գործարքներուն դէմ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment