Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ Փենթակոնը Նոր Խոչընդոտներ Կը Յարուցէ Թուրքիոյ F-35 Օդանաւերու վաճառքի Հարցով

Փենթակոնը Նոր Խոչընդոտներ Կը Յարուցէ Թուրքիոյ F-35 Օդանաւերու վաճառքի Հարցով

by MassisPost

Պաշտօնական Ուաշինկթընը կոշտ քայլերու կը դիմէ՝ փորձելով ստիպել Անգարային հրաժարիլ ռուսական արտադրութեան S-400 զենիթահրթիռային համակարգերու ձեռքբերումէն:

«Reuters» գործակալութեան տեղեկութիւններով՝ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը դադրեցուցած է ամերիկեան նորագոյն F-35 ռազմական օդանաւերու՝ Թուրքիոյ մատակարարման գործընթացի շրջանակէն ներս յարակից սարքավորումներու առաքումը:

Գործակալութեան տեղեկութիւններով՝ խօսքը շարք մը կարեւոր համակարգերու մասին է, որոնց բացակայութիւնը F-35 օդանաւերու սպասարկումը Թուրքիոյ կողմէ գործնականօրէն անհնար կը դարձնէ:

Խնդրին քաջածանօթ անանուն շարք մը աղբիւրներ «Reuters»-ին փոխանցած են, որ խօսքը օդաչուներու վարժանքներուն համար նախատեսուած, այսպէս կոչուած, յատուկ նմանակներու մասին է, որոնց օգնութեամբ թուրք օդաչուները պէտք է սորվին կառավարել F-35-ները:

Նորագոյն արհեստագիտութիւններու հիման վրայ ստեղծուած առաջին երկու F-35 օդանաւերը Թուրքիոյ յանձնելու որոշումը կայացած էր դեռ նախորդ տարուան Յունիսին: Այդ օդանաւերը, սակայն, այժմ կը գտնուին ԱՄՆ Արիզոնա նահանգին մէջ, ուր անոնցմով վարժանքներ կ’իրականացնեն թուրք օդաչուները:

Այս պահուն, փաստօրէն, թրքական բանակը դեռ ի վիճակի չէ ինքնուրոյնաբար շահագործել կամ տնօրինել այդ օդանաւերը:

Փենթակոնի տեղեկութիւններով՝ օդանաւերը Թուրքիա պէտք է առաքուին Նոյեմբեր ամսէն ոչ շուտ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment